Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ  Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2017-ին, շրջանի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ  Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Տէմիրճեանի, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

Սրահի մուտքին, վարչութիւնը ներկաները դիմաւորեց ծաղիկով եւ յուշանուէրով:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ,  բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց  բոլոր ներկաներուն, որոնք  ընդառաջելով վարչութեան հրաւէրին, գնահատած եւ քաջալերած էին վարչութեան աշխատանքները: 

            Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաները ուրախ եւ գոհունակ մեկնեցան սրահէն: