Պտոյտ Դէպի Հիւսիսային Լիբանան

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ  «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 11 Յուլիս  2017-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան կազմակերպած պտոյտը դէպի Հիւսիսային Լիբանան, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ  հիւրերու:

Առաւօտեան ժամը 7:30-ին պտոյտը ընթացք առաւ: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Շամսին» փուռը, ուր նախաճաշելէ ետք, խումբը  ուղղուեցաւ դէպի «Քպէաաթ»-ի «Մար Շըլիթա» Եկեղեցին, ապա՝ թիթեռնիկներու թանգարանը եւ «Սէյիտէթ Ղասալէ» եկեղեցին: Պտոյտին վերջին հանգրուանը եղաւ «Տիուան Ալ Ուատի» ճաշարանը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ  բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն  իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:

 Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ կատարուեցան  նուիրատուութիւններ:: Երեկոյեան ներկաները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները: