Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի Պէքաա շրջանը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Զահլէի «Հայ Կեդրոն», ուր դիմաւորուեցան եւ հիւրասիրուեցան ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, մօտէն ծանօթացան շրջանին, ապա այցելեցին Զահլէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ շարունակեցին դէպի Այնճար: Այցելեցին Օմայատներուն բերդը եւ Մուսա Լիրան յուշարձանը:
Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ Այնճարի «Ռազմիկ» ճաշարանը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:
Հայկական երգերով մթնոլորտը խանդավառուեցաւ, կատարուեցան նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Երեկոյեան ներկաները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները:










