ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ընկերուհիներու եւ համակիրներու:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ իրենց ներկայութեամբ պատուեցին եւ քաջալերեցին սոյն ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ՝ Յարութ Լափաճեանը, որ ճոխ երգերով ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահէն ներս, որմէ քաջալերուած ներկաներէն շատեր կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Վիճակաձգութենէն ետք, ներկաները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն:





