Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Արշալոյս Ազիրեան Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղը հիմնուած է 1933-ին Պուրճ Համուտի նոր Սիս թաղամասին մէջ՝ դիմագրաւելու համար ընկերային, տնտեսական եւ առողջապահական ծանր տագնապները:

Պրն. Միսաք Ազիրեան ակումբի շինութեան համար հող մը նուիրեց շրջանի ժողովուրդին: Անոր կինը՝ ընկհ. Արշալոյս Ազիրեան անդամուհի էր նորաստեղծ մասւնաճիւղին:

Հետագային, մասնաճիւղը ինքնաբերաբար կրեց իր բարերարին՝ «Արշալոյս Ազիրեան» անունը:

Արշալոյս Ազիրեան ծնած է 1885-ին Սիսի մէջ եղած է քահանայ Փափազեանի դուստրը: 1914-ին ամուսնացած է: Բնակած է Հալէպ, Կիպրոս, դարձեալ Հալէպ: 1918-ին վերջնականապէս հաստատուած է Պէյրութ, Լիբանան:

Ան յարատեւ նեցուկ կանգնած է իր ամուսնին որպէսզի ան իր բարեգործութիւնները կատարէ, շրջանի կարիքներուն օգտակար հանդիսանալով:

Կը գտնուի Պուրճ Համուտի նոր Սիս թաղամասին մէջ: Հիմնուած է 1933-ին :

Հիմնադիր ընկերուհիներն են՝ Նուէր Բալայեան, Մարօ Յակոբեան, Թագուհի սէմիզեան, Թիֆոլինտա Փեսայեան, Մարօ Տեմիրճեան, Անիձա Յակոբեան, Լուսաբեր

Կէրէքմէզեան, Ա. Սվաճեան, Լ. Աղասարգիսեան, եւ Տ. Յարութիւնեան: Կը գործէ «Իշխան» կոմիտէի հովանիին տակ:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի 85-ամեակի Հանդիսութիւն

Երեքշաբթի, 27 փետրուար 2018-ին ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղը տօնեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սիւզան Օհանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ…

Աւելին
Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» (Նոր Սիս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, մասնաճիւղի տարիներու բարերար՝ ընկհ. Ոսկի Կէրէքմէզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ ընկերուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ Բարեկենդանի Առիթով

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը Բարեկենդանի առիթով կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիլեալներ եւ համակիրներ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան…

Աւելին
Աշնանային Հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Ա.Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը կազմակերպած էր «Աշնանային Հաւաքոյթ» մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի Պէքաա

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ պտոյտով մը՝ դէպի Լիբանանի Պեքաայի շրջանը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00ին: Մասնակցողները այցելեցին Զահլէի «Սուրբ Աստուածամայր» եկեղեցին , «Քսարա» գինիի գործարանը, Թաանայէլի ագարակը, ապա կէսօրին ճաշեցին Այնճարի գեղատեսիլ «Ռազմիկ» ճաշարանին…

Աւելին
«Մայրերու Օր»

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Ա. Ազիրեան» (Նոր Սիս) մասնաճիւղի վարչութեան, «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, Տիրամայր Էլօ Զուպոյեանի, մասնաճիւղիս տարիներու բարերար՝ ընկհ. Ոսկի Կէրէքմէզեանի, ընկհ. Սօսէ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը