«Մայրերու Օր»

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Ա. Ազիրեան» (Նոր Սիս) մասնաճիւղի վարչութեան, «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, Տիրամայր Էլօ Զուպոյեանի, մասնաճիւղիս տարիներու բարերար՝ ընկհ. Ոսկի Կէրէքմէզեանի, ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ ընկերուհիներու:

Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան ձեռնարկի բացումը կատարեց բարի գալուստի խօսքով: Ան հրաւիրեց ներկաները  մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ Սեդա Թորոսեանի յիշատակը: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը, որ գնահատեց մօր դերը, անդրադառնալով անոր կատարած հերոսութիւններուն եւ նուիրումին, նախնադարեանէն մինչեւ օրս:

Օրուան մթնոլորտը խանդավառեցին հիւր երգչուհի՝ Կարինէ Անդրանիկեան եւ սիրուած երգիչ՝ Գէորգ Փարիզեան:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ: