Պտոյտ Դէպի Պէքաա

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ  պտոյտով մը՝ դէպի Լիբանանի Պեքաայի շրջանը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:

Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00ին: Մասնակցողները այցելեցին Զահլէի «Սուրբ Աստուածամայր» եկեղեցին ,  «Քսարա» գինիի գործարանը, Թաանայէլի ագարակը, ապա կէսօրին ճաշեցին Այնճարի գեղատեսիլ «Ռազմիկ» ճաշարանին մէջ:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան, բարի գալուստի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան ու քաջալերանքին համար եւ մաղթեց, որ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած աղօթքները լսելի դառնան եւ բոլորին փափաքները իրականանան:

            Խանդավառ երգերով ձեռնարկը ճոխացուցին օրդ. Նաթալի Տէկիրմէնճեան եւ պրն. Պօղոս Կէտիկեան: Հաճելի մթնոլորտէն քաջալերուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Երեկոյեան, ներկաները Պէյրութ վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ եւ անմոռանալի յիշատակներով: