«Մեղրի» Մասնաճիւղի Ամանորի Աւանդական Պազարը

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու կազմակերպած ձեռնարկները միշտ եղած են բազմատեսակ ,  ինչպէս՝ փոքրերու յատուկ կաղանդ, տարեցներու ամանոր, ճաշկերոյթ, եւայլն....իսկ Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղի ամանորը խորհրդանշող ձեռնարկը եղաւ «Աւանդական Պազար» մը, կազմակերպուած ՝վարչութեան ընկերուհիներուն կողմէ, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր  2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնին մէջ:

         Սեղանները զարդարուած էին հայկական համեղ ճաշատեսակներով, խմորեղէններով ու  անուշեղէններով , բոլորը պատրաստուած ընկերուհիներուն ձեռամբ, որոնց աշխատանքը իսկապէս գնահատելի էր:          ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները նախանձախնդիր  են , իրենց ձեռնարկներու ընդմէջէն ,պահելու Հայկական աւանդութիւնները, մշակույթն ու  ճաշատեսակները:           Մեծ էր վարչութեան ուրախութիւնը, որովհետեւ  քանի մը ժամուան ընթացքին կարողացած էին սպառել բոլոր  ցուցադրուած համեղ ուտելիքները: Մեծ էր նաեւ գնողին ուրախութիւնը, որովհետեւ հայկական ուտելիքներով պիտի զարդարէր ամանորի իր տան սեղանը: