«Ճաշկերոյթի ձեռնարկ» ի նպաստ մասնաճիւղի որդեգրեալ սան-սանուհիներուն

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթի ձեռնարկը, ի նպաստ մասնաճիւղի որդեգրեալ սան-սանուհիներուն տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016-ին, « Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ:

Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, յանձնախումբերէն, մասնաճիւղերէն ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, մասնաճիւղի անդամուհիներ եւ բարեկամուհիներ:

Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Հելէն Խայեաթ իր բացման խօսքով անդրադարձաւ մասնաճիւղի աշխատանքներուն, շեշտը դնելով ձեռնարկի կարեւորութեան: Փակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Հայկական երգերով ձեռնարկը խանդավառեց երիտասարդ երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի «Միհրան Տէր Մելքոնեան» դարմանատան կազմակերպած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը: