Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Կարս Մասնաճիւղ

Կարս Արեւմտահայաստանի մէջ քաղաք է, կը գտնուի Ախուրեան վտակ՝ Կարս գետի աջ ափին: 929-ին Աբաս թագաւոր դարձուց զայն աթոռանիստ եւ տնտեսապէս զօրացուց ու կառուցեց Ս. Առաքելոց Եկեղեցին բարձրաքանդակներով: Աշոտ Գ. Ողորմած երբ մայրաքաղաքը Կարսէն Անի փոխադրեց, Կարսին կառավարիչ նշանակեց իր եղբայրը՝ Մուշեղ, ուստի Մուշեղ կը հանդիսանայ Կարս քաղաքի հիմնադիրը:

Գագիկ Աբասեան թագաւորի օրով 11րդ դարուն գրաւուեցաւ Կարսի Աւետարանը նուիրուած թագաւորին որ հայկական մագաղաթեայ Աւետարան մըն է: Այժմ ան կը պահպանուի Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց մէջ, գլխատարերը շատ գեղեցիկ ձեւով զարդարուած են:

Կարս ըլլալով Ռուս Թրքական սահմանամերձ քաղաք շրջան մը ռուսական տիրապետութեան տակ էր, շրջան մըն ալ թրքական, ներկայիս ան կը գտնուի Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ:

Ան երկաթուղիով կապուած էր Ալեքսանտրապոլի (այժմ Գիւմրի): 1876-ին Կարսի մէջ բացուեցան բազմաթիւ դպրոցներ իսկ Ազատագրական պայքարի օրերուն բոլոր յեղափոխական գործիչները անցած էին «Կարս Հնոց»էն որ իր ծոցին մէջ ստեղծած էր յատուկ նահապետական եւ ազգային մթնոլորտ մը բոլոր մարտիկներուն եւ գործիչներուն համար:

Կարս մասնաճիւղը հիմնուած է 1933-ին: Հիմնադիր ընկերուհիներն են՝ Սաթենիկ Եափուճեան, Երիցուհի Մարի Աճէմեան, Ատրինէ Սահակեան, Շաքէ Պախթեարեան, Խանըմէ Եղեայեան, Մէյրի Աւագեան, Վարսենիկ Հայթոսեան, Մարի Պալյեան: “Հայաշէն” շրջանէն անոնց միացած են ՝ Սուրէն Գարագըլէեան, Շուշան Գարագըլէեան եւ Մարի Ոսկերիչեան Մասնաճիւղը կը գործէ Էշրէֆիէ-ի ‘’Ազատամարտ’’ ակումբէն ներս:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Լ.Օ.Խ.-ի "Կարս" մասնաճիւղի ընկերային հաւաքոյթը

Լ.Օ.Խ.-ի "Կարս" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, "Ազատամարտ" ակումբի "Չուխատարեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ.Սիլվա Կիւլտալեանի։ Լ.Օ.Խ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ընկհ. Ալիս Սէքսէնեան բարի գալուստ եւ հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն: Ընկհ. Տօրիս Գարամանուկեան կարդաց Վահան Տէրեանի "Գարուն"…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Կարս» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրէֆիէ) 2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեան, «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները…

Աւելին
Համբարձման Տօնի աւանդական պտոյտը

ԼՕԽ-ի «Կարս» (Էշրէֆիէ շրջան) մասնաճիւղի Համբարձման Տօնի աւանդական պտոյտը այս տարի կազմակերպուեցաւ դէպի Պաթրուն, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սանդուխտ Հերկելեանի, մասնաճիւղի անդամուհիներու եւ շրջանէն ԼՕԽ-ի բարեկամներու մասնակցութեամբ: Մասնակցողները, առաւօտեան նախաճաշը կատարեցին «Շէմսին» ծաղարանին մէջ, ապա այցելեցին Թռչնոց Բոյնի «Ա. Պէզիկեան» թանգարանը, աւարտին՝ Ժպէյլի «Հայ Կեդրոն»ը, ուր հիւրնկալուեցան ԼՕԽ-ի…

Աւելին
Ս. Զատկուան Աւանդական Պազար

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրէֆիէ) Ս. Զատկուան առիթով աւանդութիւն դարձած ճաշերու եւ անուշեղէններու պազարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղի բարեկամներու եւ ընկերուհիներու: Բացման խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեան: Ան գնահատեց մասնաճիւղի աշխատանքը եւ յաջողութիւն…

Աւելին
Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…

Աւելին
«Ճաշկերոյթի ձեռնարկ» ի նպաստ մասնաճիւղի որդեգրեալ սան-սանուհիներուն

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթի ձեռնարկը, ի նպաստ մասնաճիւղի որդեգրեալ սան-սանուհիներուն տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016-ին, « Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, յանձնախումբերէն, մասնաճիւղերէն ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, մասնաճիւղի անդամուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Հելէն Խայեաթ իր…

Աւելին
Բոլոր լուրերը