ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրէֆիէ) 2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեան, «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները, ընկերուհիներ եւ համակիրներ:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Հելէն Խայեաթ, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակլութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան, քաջալերանքին եւ մաղթեց ուժ եւ կորով բոլորին շարունակելու աշխատանքը:
Հայկական երաժշտութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ վիճակահանութիւն: Եղաւ նուիրատուութիւն:
