«Բարեկենդան»-ի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան, «Բարեկենդան»ի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2016-ին, «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, քոյր մասնաճիւղերու եւ «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ու տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հրաւիլեալներու:

Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Յովհաննէս բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար եւ անոնց, որոնք ներդրում ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան: Ընկերուհին անդրադառնալով «Բարեկենդան» բառին ըսաւ, որ «Բարեկենդան»ը խրախճանքի, կերուխումի եւ զուարճութեան տօնն է, որուն կը յաջորդէ «Փակեալ Խորան»ն ու Մեծ Պահքի շրջանը: Ան  յիշեց նաեւ «Տիառընդառաջ»ը ըսելով, որ ան Յիսուս Քրիստոսի ծնունդէն քառասուն օր  ետք, մանուկ Յիսուսը տաճարին նուիրաբերելու տօնն է: Ապա բեմ հրաւիրեց երգիչ Շահէ Յակոբեանը, որ ընկերակցութեամբ երգեհոնահար՝  Յարութ Յակոբեանի եւ ձայնի հաղորդավար՝ Գէորգ Պաղտասարեանի, հայկական ճոխ երգերով խանդավառեց  մթնոլորտը:

Ներկաները շուրջպարերով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը եւ բաժնուեցան սրահէն դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ: