Կազմակերպութեամբ ՝ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան , Շաբաթ, 26 Մարտ 2016-ին , կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին , Ժպէյլի « Հայ Կեդրոն» -ին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրերու յատուկ Զատկուան ձեռնարկ մը: Օրուան հիւրերն էին ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» պատանեկան միութեան պատանիները , որոնք դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներուն կողմէ : Ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք անոնց, բացատրեց որ ԼՕԽ-ը միշտ նախանձախնդիր է հայ փոքրիկը…
ԱւելինԱյնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացքները (Մարաշ, Սուազ եւ Նորվեկեան) արդէն ընթացք առած են Մարտ 2016-ին : Յանձնախումբը ի մտի ունի սոյն դասընթացքներով պահպանել եւ տարածել հայկական ձեռագործները : Դասատուներ՝ Մարաշի ասեղնագործութեան՝ Ընկհ. Ռիթա Լագիսեան Սուազ՝ Ընկհ. Ազատիկ Տաղլեան Նորվեկեան՝ Տիկ. Ցոլինէ Տումանեան Գնահատելի է նոր սերունդին…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրէֆիէ) Ս. Զատկուան առիթով աւանդութիւն դարձած ճաշերու եւ անուշեղէններու պազարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղի բարեկամներու եւ ընկերուհիներու: Բացման խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեան: Ան գնահատեց մասնաճիւղի աշխատանքը եւ յաջողութիւն…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնը, գործացաբար Պուրճ Համուտի մէջ գործող 2 այլ դարմանատուներու եւ 3 պետական վարժարաններու, կը գործադրեն միասնական ծրագիր մը “Support to Integrated Service Provision at the local level” (Ամբողջական ծառայութիւն մատուցել տեղական մակարդակի վրայ) առողջապահական, ընկերային կամ հոգեկան ծառայութիւններու հարցերու շուրջ։ Ծրագիրը կը հովանաւորեն Առողջապահական, Ընկերային Բարօրութեան, Կրթական…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 21 մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Մանուկներու միջազգային օրը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Ծաղկազարդի եւ Զատկուան զոյգ տօներուն առիթով, 18 Մարտ 2016-ին, տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը, Հայաշէնի ժողովրդային տան, «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ։ Ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ`ընկհ. Սօսի Արամեանի, կազմակերպչական յանձնախումբէն` ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, ԼՕԽ-ի «Կարս» եւ «Աստղիկ» քոյր մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչ ընկերուհիներու, ԼՕԽ-ականներու եւ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա ), կազմակերպած էր Գարնանային Ձեռնարկ մը Հինգշաբթի, 17 Մարտի 2016-ին ,«Մամունիա» ճաշարանին մէջ: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանին, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, տիկնաց միութիւններու ներկայացուցիչներուն , «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր 2015-2016 տարեշրջանը սկսաւ 17 Սեպտեմբեր 2015-ին: Հոն ամէնօրեայ դրութեամբ կը յաճախեն շրջանի զանազան հայկական վարժարաններէ, մանկապարտէզի ծաղիկ դասարանէն մինչեւ եօթներորդ դասարան, 6-էն 12 տարեկան շուրջ 20 աշակերտներ, որոնք հանդարտ եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 6:00, յատուկ հոգատարութեամբ կը սորվին իրենց յաջորդ օրուան դասերը հսկողութեամբ երկու…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ `գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը նշեց Ս. Զատիկը, Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին գրադարանէն ներս, ներկայութեամբ 40 փոքրիկներու , որոնք ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ: Փոքրիկներուն համար պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը, որ սկսաւ գրադարանի պատասխանատուին…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, հինգշաբթի, 17 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ներծոր գեղձեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Սերժ Տուլեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը…
ԱւելինՍուրբ Զատկուան տօնին առիթով, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, Ուրբաթ, 18 Մարտ 2016-ին ընդունեց Saint Coeur վարժարանի երկրորդական բաժնի 12-րդ կարգի աշակերտները։ Անոնք, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, ԼՕԽ-ի ընկերային ծառայողին եւ 3 կամաւորներու, այցելեցին Պուրճ Համուտի, «Արագած» շրջանին մէջ բնակող Լիբանանահայ 20 կարիքաւոր ընտանիքներու, անոնց բաշխեցին ուտեստեղէն եւ…
ԱւելինՍ. Զատկուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Ա.Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի, «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչ ընկերուհիներու , ԼՕԽ-ականնեու եւ բարեկամուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 8 Մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին՝ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ կանանց Միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի ,Շրջանային վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն, մեծ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ձեռնարկած ճաշ պատրաստելու սեմինարները աւելի արդիւնաւէտ ձեւով ներկայացնելու միտումով, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ՝ Ազատուհի Սարգիսեան եւ Սանդուխտ Հերկելեան մասնակցեցան «Management Mix» ընկերութեան կազմակերպած միօրեայ սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Մարտ 2016-ի, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Խոհանոցէն Ներս Օգտագործուած Գործնական Առողջապահական Գիտելիքներ» նիւթով: Հետաքրքրական…
ԱւելինՍուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…
ԱւելինՇաբաթ, 5 Մարտ 2016-ին , երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու աշխատանոցի յանձնախումբը հիւրընկալեցին Հ.Հ. գիտութիւններու Ակադեմեայի դասախօս եւ Տէրեան Մշակութային կեդրոնի պատասխանատու, Անի Մարգարեանը, «Ս. Զէթլեան» կեդրոնի , «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Հաւաքուած հայրենակիցներն ու հիւրերը նախ ծանօթացան դասախօսուհիին կենսագրականին, զորս ներկայացուց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, միշտ նախանձախնդիր համախմբելու իր անդամուհիները, որոշած էր յատուկ աշխատանք տանիլ, իր տարեկան մշակած ծրագրին զուգընթաց , իւրաքանչիւր ամսուան մէջ օր մը հրաւիրել եւ հաւաքել իր գործօն ընկերուհիները սեղանի մը շուրջ, միասնաբար ճաշակելու վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերն ու անուշեղէնը: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 11 Մարտ 2016-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի , ԼՕԽ-ի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 9 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անցողական հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան: Բացման խօսքը ներկայացուց առողջապահական…
ԱւելինԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբը ամէն տարի արժանավայել կերպով կը նշէ կանանց միջազգային օրը: Այս տարի եւս երկուշաբթի, 7 մարտին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդհանրապէս կնոջ, յատկապէս հայ կնոջ նուիրուած ձեռնարկ: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Գէորգեան ողջունեց ներկաները եւ զանոնք հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու…
ԱւելինՓետրուար ամիսը կը զուգադիպի մեր եկեղեցական եւ աւանդական տօներուն, ուր իրար կը յաջորդեն Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը, Տեառնընդառաջը, Վարդանանց ճակատամարտը, Բուն Բարեկենդանը: ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները կազմակերպեցին տարբեր ձեռնարկներ: Մար-Մըխայէլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղն ալ անմասն չմնաց, կազմակերպեց մտերմիկ հանդիպում մը Հ.Յ.Դ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ. Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ին, 50 ընկերուհիներու եւ…
ԱւելինԵկեղեցական, ազգային ու հայկական տօներուն եւ աւանդութիւններուն պահպանումը միշտ ալ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններու ձեռնարկներուն առանցքը եղած են: Հետեւելով նախորդ տարիներու սովորութեան, այս տարի եւս ժպէյլի ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 25 Փետրուար 2016-ին, կազմակերպած էր «Միջինք»-ի ձեռնարկ մը «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ: Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 24 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրախ տրամադրութեան ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբան-մանկավարժ Բալիկ Խտըրլարեան: Առողջապահական յանձնախումբին…
ԱւելինՉորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց Գանատայի Երիցական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը (The Presbyterian Church), ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանի եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ: Արծարծուեցան Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու եւ…
ԱւելինԼՕԽ-ի ՝՝Արազ՝՝ մասնաճիւղի (Պաուշրիէ) վարչութեան կազմակերպած Մեծ Պահքի առթիւ ընկերային հանդիպումը, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի , 25 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11- ին,՝՝Սօսի Մարտիկեան՝՝ սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի՝ Ազատուհի Սարգիսեանի եւ շուրջ քառասուն ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ բարի գալուստ…
Աւելին






















