ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա ), կազմակերպած էր Գարնանային Ձեռնարկ մը Հինգշաբթի, 17 Մարտի 2016-ին ,«Մամունիա» ճաշարանին մէջ:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանին, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, տիկնաց միութիւններու ներկայացուցիչներուն , «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի անդամուհիներուն եւ բարեկամուհիներուն որոնք իրենց ներկայութեամբ սատար հանդիսացած էին սոյն ձեռնարկին յաջողութեան: Ան իր խօսքին մէջ գովաբանելով Հայ կինը ըսաւ-.«Հայ կինը շնորհիւ Հայ օգնութեան միութեան ու անոր անսակարկ աշխատող անդամներուն գրաւեց Հայ ժողովուրդի ոսկի սիրտը իր ծառայութեամբ եւ ազգօգուտ ու անձնուէր գործունէութեամբ:»
Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին՝ ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեանը որ ներկաները փոխադրէ ծաղիկներու կախարդական աշխարհ եւ ներկայացնէ Ծաղկազարդի, Սուրբ Զատկուան եւ Քրիստոսի Յարութեան նուիրուած ծաղիկները : Որմէ ետք հրաւիրուեցաւ ընկհ. Սեւան Կարապետեան- Ադամեանը որ ժողովրդային երգերով խանդավառեց մթնոլորտը, կարդալով նաեւ տողեր ԼՕԽ-ականներու ուղղուած, ինչպէս Մ. Իշխանէն . - «ԼՕԽ-ը ոսկի օղակ մը եղաւ Հայ սրտերը իրարու կապող, իրարու հաղորդակից դարձնող մեծ ուժ մը: Եւ մանաւանդ ԼՕԽ-ի ընկերուհիները նպաստ բերած են Հայը Հայ պահելու նուիրական գործին:»
Ապա Երգեց «իմ Անի» երգը խօսք՝ «Գառիկ Բանդուրեան»ի, Երաժշտութիւն՝ «Ալէքսէյ Հէքիմեան»ի ալեկոծելով բոլորին սրտերը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ:











