Չորեքշաբթի, 11 մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնին ընկերակցութեամբ, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, յաջողութիւն մաղթելով Լիբանանի մէջ անոր ապագայ գործունէութեան: Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, «Զուարթնոց» (Հազմիէ) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեկան «Brunch»-ը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 6 Մայիս 2016-ին, Հազմիէի «Ալ Ղաուալի» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, ԼՕԽ-ի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Տղէյպէս կատարեց ձեռնարկի բացման խօսքը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ Տքուէնի շրջանի ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի,10 Մայիս 2016-ին, տեղի ունեցաւ Մայրերու Օրուան եւ Համբարձման զոյգ տօներուն առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ մը, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Այտա խուստեքեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Ձեռնարկին բացումը կատարեց փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինՀամբարձում եայլա եայլա ջան եայլա..... ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը, Համբարձման տօնին առիթով, կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 Մայիս 2016-ին, Այնճարի «Ռազմիկ» ճաշարանի գեղեցիկ բնութեան գրկին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սօսի Արամեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, համակիրներու եւ հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց…
ԱւելինՀայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի առիթով Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) վարչութիւնը կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը եւ այլ սրբավայրեր: Ուխտագնացութեան մասնակցեցան 25 ընկերուհիներ, որոնք թանգարան այցելելէ ետք, ուղղուեցան Պաթրունի «Մար Իսթֆէն» եկեղեցին, ապա՝ Գաֆթուն շրջանի մէջ գտնուող հրաշալի եւ 900 տարուան «Մար Սարգիս» եկեղեցին: Շարունակելով…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթիլիաս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Համբարձման Տօն» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանի: Ձեռնարկին մասնակցողները, նախ այցելեցին ժպէյլի «Սէյիտէթ Քաֆթուն» վանքը, Թռչնոց Բոյնի «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը, ապա ողղուեցան դէպի «Հայ Կեդրոն», ուր դիմաւորուեցան ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Մասնաճիւղի վարչութեան…
ԱւելինԱյնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած առողջապահական դասախօսական շարքին 2–րդը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 Ապրիլ, 2016-ին , կ.ա. ժամը 11-ին, Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ , ներկայութեամբ աւելի քան 60 ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Ընկերուհի Համեստուհի Ճանպազեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց օրուան դասախօսը՝ սննդագէտ Օրդ. Նարէ Պուրսալեանը որ խտասալիկներու…
Աւելին«Աղթամար» Մասնաճիւղ Ա.- Հայկական մանրանկարչութիւն Շաբաթ, 5 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու աշխատանոցի յանձնախումբը հիւրընկալեցին Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի դասախօս եւ Տէրեան մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Անի Մարգարեանը, «Ս. Զէթլեան» կեդրոնի, «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Հաւաքուած հայրենակիցներն ու հիւրերը նախ ծանօթացան դասախօսուհիին կենսագրականին, որ…
ԱւելինՈւրբաթ, 29 Ապրիլ, 2016-ին, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած առողջապահական նիւթերով դասախօսական շարքի 3–րդն ու վերջինը : Բացումը կատարեց շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Սոնա Եաբուճեան որ հաստատեց առողջապահական նիւթերու մասին տեղեկութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Օրուայ դասախօս՝ ընկերուհի Վերժին Խորշիտեան խօսեցաւ մանրէներու մասին բացատրելով թէ ինչ է…
ԱւելինԿիրակի, 24 ապրիլի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ մայրավանքի Նահատակաց մատրան շուրջ, ուր նախագահութեամբ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ տեղի ունեցաւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր պատգամը ուղղեց…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ շրջապատի մանրէներէններ » նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հանրային առողջապահութեան մարզի մասնագէտ Վերժին Սարաֆեան- Խորշիտեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սոնա…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Նահր Էլ Մոթ )ձեռնարկած է հայկական պարի դասընթացք մը, որ ընթացք առաւ Յունուար 2016-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ ներկայ վարչութեան տարեշրջանին աւարտը՝ Մայիս 2016: Դասընթացքը տեղի կ'ունենայ շրջանի ակումբէն ներս, շաբաթական դրութեամբ, հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 5:00, պարուսոյց ունենալով Օրդ. Հուրի Գալայճեանը: Դասընթացքին կը մասնակցին 16 ընկերուհիներ, որոնք շատ հաճելի եւ ուրախ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, գործակցութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերա բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , Ուրբաթ 15 Ապրիլ 2016-ին, կ.ա. ժամը 11-ին, Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գլխացաւերու պատճառները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ ՝տոքթ. Պերճ Տագէսեան…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, գործակցութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերա բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , Ուրբաթ 15 Ապրիլ 2016-ին, կ.ա. ժամը 11-ին, Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գլխացաւերու պատճառները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ ՝տոքթ. Պերճ Տագէսեան…
ԱւելինԱմանոս շրջանի , ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, միշտ նախանձախնդիր համախմբելու իր անդամուհիները, որոշած էր յատուկ աշխատանք տանիլ, իր տարեկան մշակած ծրագրին զուգընթաց , իւրաքանչիւր ամսուան մէջ օր մը հրաւիրել եւ հաւաքել իր գործօն ընկերուհիները սեղանի մը շուրջ, միասնաբար ճաշակելու վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերն ու անուշեղէնը: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 11 Մարտ 2016-ին , իսկ երկրորդ հանդիպումը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 13 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գիւղատնտեսութեան առնչութիւնը մեր առօրեայ կեանքին» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց գիւղատնտեսագէտ Լոռի Պչաքճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ կազմակերպած էր այցելութիւն Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: ԼՕԽ-ականներն եւ բարեկամուհիներ հոծ բազմութեամբ ուղղուեցան Ժիպէյլ եւ հաւաքուեցան «Հայ Կեդրոն»-ի, ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի սրահը, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Գէորգեան` ըսելով. «Անցեալ շաբթուան զինուորական…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կազմակերպչական Յանձնախումբը 2001 թուականին ձեռնարկած էր Միութենական Փոքրիկ բառարանի մը պատրաստութեան ,որովհետեւ յաճախ միութենական բառամթերքը ճշգրտօրէն չ’օգտագործուիր: Բառարանին մէջ տեղ գտած են ժողովներու ընթացքին գործածուող բառեր իրենց համապատասխան բացատրութիւններով: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը որոշեց, ԼՕԽ-ի դիմատետրով , շաբաթական դրութեամբ, հերթաբար ներկայացնել բառարանին բովանդակութենէն բառեր…
ԱւելինՉորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի Սթոքհոլմի մեկուսի մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ ընկհ. Սիլվա Կիւլիւզեանը: Ան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, տեսակցութիւն ունեցաւ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ: Արծարծուեցան ՀՕՄ-ի Սթոքհոլմի մեկուսի մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու , մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ ԱՊԸԲ…
ԱւելինԱյնճարաբնակ աւագ սերունդը, համախմբուած եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնեց Զատիկը Չորեքշաբթի , 30 Մարտ 2016-ին՝ Ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Ճաշարանի տնօրէնութիւնը այս հաւաքոյթը նուիրած էր Այնճարի տարեցներուն՝ իրենց մեծ մօր , Պայծառ Քիւրտեանի յիշատակին: ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբը ջանք չէր խնայած Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ստեղծելու տօնական մթնոլորտ, վերակենդանացնելով Մուսա լերան աւանդութիւնները: Այնճարի մէջ իրենց…
ԱւելինԱյս տարի հինգերորդ դասարանի դասընկերներուս հետ ես ալ առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու ԼՕԽ-ի կազմակերպած մանուկներու օրուան յայտագրին: Յայտագրի նախորդող օրերուն մենք մեր փոքրիկ լումաներով մասնակցած էինք ԼՕԽ-ի հանգանակութեան եւ ուրախ ու գոհունակ կը զգայինք, որ որպէս մանուկներ մենք ալ կրցած էինք բաժին բերել եւ օգտակար դառնալ կազմակերպութեան մը, որ կ՛օգնէ բոլորին: Մանուկներու օրուան յայտագիրը շատ հետաքրքրական էր ինծի համար…
ԱւելինՌՈԶԻՆ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆ Հոգեբան Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, «Ազատօրէն արտայայտուինք ԼՕԽ-ի պաստառին վրայ» թեմայի ներքեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը առիթը ունեցաւ գծագրութիւններով եւ կարճ նախադասութիւններով արտայայտուելու ԼՕԽ-ի կողմէ պատրաստուած պաստառներու վրայ: Այս առիթով յատուկ պաստառներ ուղարկուեցան հայկական բոլոր վարժարաններուն, ուր առաջին…
ԱւելինՀրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ «Ժպիտ» խմբակին, Շաբաթ, 19 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբի ընկերուհիները, պատասխանատուն եւ 40 աշակերտներ մեկնեցան դէպի «Le Mall», դիտելու փոքրիկներու յատուկ «Kung Fu Panda» ժապաւէնը, համալիրի շաժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան եւ «Ժպիտ» խմբակի…
ԱւելինՍ․ Զատկուան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ՝ Ֆանարի ՀՅԴ «Էտկար ակնունի » կոմիտէին , մասնակցութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղին , , կիրակի, 27 Մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4։00-ին, Ֆանարի մանուկներու խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն-հաւկթախաղ։ Հաւաքին "Բարեւ փոքրիկներ" խումբը ստեղծեց համապատասխան խանդավառութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ։ Տօնակատարութեան մասնակից շուրջ 150 պատանիներն ու երեխաները հայկական մթնոլորտի մէջ…
Աւելին






















