Աշակերտները Կ՛արձագանգեն

Այս տարի հինգերորդ դասարանի դասընկերներուս հետ ես ալ առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու ԼՕԽ-ի կազմակերպած մանուկներու օրուան յայտագրին:

Յայտագրի նախորդող օրերուն մենք մեր փոքրիկ լումաներով մասնակցած էինք ԼՕԽ-ի հանգանակութեան եւ ուրախ ու գոհունակ կը զգայինք, որ որպէս մանուկներ մենք ալ կրցած էինք բաժին բերել եւ օգտակար դառնալ կազմակերպութեան մը, որ կ՛օգնէ բոլորին:

Մանուկներու օրուան յայտագիրը շատ հետաքրքրական էր ինծի համար, որովհետեւ առիթ տուաւ, որ անդրադառնամ մանուկի մը իրաւունքներուն եւ բախտաւոր զգամ, որ ես այդ իրաւունքներուն մեծ մասը արդէն կը վայելեմ:

Ուժ եւ կորով` ԼՕԽ-ի ժրաջան տիկիններուն եւ յաջողութիւն իրենց ապագայ ծրագիրներուն:

ՍԵՐԺԻՕ ՄԻՍԻՍԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել ուրիշներուն: Անշուշտ` տալով մեր ունեցածէն լաւագոյնը:

Ինծի համար Լիբանանի օգնութեան խաչի կամաւորները` վստահելի մարդիկ են: Ես ուրախ կը զգամ, երբ անոնք մեր օգնութեան պէտք ունեցողներուն կը հասցնեն այդ հաւաքուած դրամը, որ ես ու ընկերներս զետեղեցինք իրենց տուփիկներուն մէջ, երբ այցելեցին մեր դպրոցը:

Մայրս ըսաւ, որ Լիբանանի օգնութեան խաչը կ՛օգնէ կարիքաւոր ընտանիքներուն, հիւանդներուն, նաեւ ծերերուն: Մանաւանդ անիկա կ՛օժանդակէ աշակերտերուն, անոնց կրթաթոշակը վճարելով, որպէսզի բոլոր փոքրիկները ուսանելու առիթ ունենան: Յիշեցէք, որ նոյնիսկ շատ պզտիկ օգնութիւնը կրնայ մեծ փոփոխութիւններ բերել ուրիշներուն կեանքին մէջ:

ՍԷՐԼԻ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆ