Լուրեր

«Մայրերու Օր»

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Ա. Ազիրեան» (Նոր Սիս) մասնաճիւղի վարչութեան, «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Վարդուհի Տէվէլեանի, Տիրամայր Էլօ Զուպոյեանի, մասնաճիւղիս տարիներու բարերար՝ ընկհ. Ոսկի Կէրէքմէզեանի, ընկհ. Սօսէ…

Աւելին
Անգլերէն լեզուի դասընթացք Այնճարի մէջ

Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց անգլերէն լեզուի դասընթացք մը, որ դասաւանդուեցաւ շաբաթական դրութեամբ, ընկերուհի Մակի Ուրֆալեանի կողմէ եւ երեք ամիս տեւողութեամբ: Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2016-ին, վերջին դասապահի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Կազմակերպող յանձնախումբին անունով խօսք առաւ ընկերուհի Անի Տիւքէնճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուին եւ վկայեց, թէ դասապահերը ընթացան…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի Ֆրանսայի , Վալանս քաղաքի «Աղվիթա» մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ ընկհ. Էլիզապէթ Տէրտէրեանը: Ան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, տեսակցութիւն ունեցաւ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ: Արծարծուեցան ՀՕՄ-ի Ֆրանսայի միաւորի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու , մասնաճիւղերու, ինչպէս…

Աւելին
Պտոյտ

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի (Մար Մխայէլ) գարնանային պտոյտը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2016-ին, դէպի հիւսիսային Լիբանան, Տումա գիւղը: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Պիթար» գիւղը, ուր ներկաները նախաճաշեցին եւ հանգստացան: Շարունակելով հասան Պաթրուն քաղաքի «Սուրբ Սթէֆըն» եկեղեցին, ուր հաւաքաբար երգեցին Տէր Ողորմիան : Յետոյ բարձրացան «Սրբուհի Ռաֆքա» սրբատեղին, իւրաճանչիւրը կատարեց իր ուխտը: Այնտեղէն մեկնելով հասան «Պշալէ» գիւղը, ուր…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Մեղրի» Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 85-Ամեակի նշում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Պէյրութի «Կոմիտաս» կեդրոնի ժողովասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 85 ամեակի նշում: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մաքօ Ունճեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք…

Աւելին
Նախազգուշական Արշաւ «Ա.Պուլղուրճեան » կեդրոնէն ներս

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերա-բժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի, գործակցութեամբ՝ Jamjoom Pharma դեղի ընկերութեան, տեղի ունեցաւ նախազգուշական արշաւ մը , աչքի ճնշումի քննիւթիւն , Glaucoma-ի (Սեւ Ջուր) , չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ կեսօրուայ ժամը 1։00, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան»…

Աւելին
Նախազգուշական Արշաւ «Ա.Պուլղուրճեան » կեդրոնէն ներս

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերա-բժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի, գործակցութեամբ՝ Jamjoom Pharma դեղի ընկերութեան, տեղի ունեցաւ նախազգուշական արշաւ մը , աչքի ճնշումի քննիւթիւն , Glaucoma-ի (Սեւ Ջուր) , չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ կեսօրուայ ժամը 1։00, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան»…

Աւելին
Մայրերու Օր

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Ռուբինա» (Նորաշէն շրջան) մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Քարքըդ էլ Հաժ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առիթով ճաշկերոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի եւ 70 ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Մուտքին…

Աւելին
Այցելութիւն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սիլվա Թագւորեան, Մայիս 2016-ի իր Լիբանան այցելութեան ընթացքին, այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ներկայ եղաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու կարգ մը ձեռնարկներուն եւ հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն հետ: Ան առիթը ունեցաւ ծանօթանալու կեդրոնի իւրաքանչիւր բաժանմունքի մատուցած սպասարկութեան, մեծապէս գնահատեց ԼՕԽ-ի եւ ԱՊԸԲ…

Աւելին
Պտոյտ Լիբանանի տեսարժան վայրերը

Ժպէյլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, մայրերու օրուան առիթով կազմակերպեց պտոյտ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2016-ին: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ճամբայ ելան ժպէյլի «Հայ Կեդրոն»էն: Մասնակցողները պտոյտի ընթացքին նախաճաշեցին Պրպարա շրջանի «Պիթար» ճաշարանին մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի «Մար Մթանիոս քապիր» եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէ ետք, այցելեցին նաեւ թանգարանը, ուր զետեղուած է տարիներ առաջ…

Աւելին
Մայրերու Օրուան Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» (Ֆանար) մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 13 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Մայրերու Օր»ուան առիթով ձեռնարկ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի: Մուտքին իւրաքանչիւրը ստացաւ կարմիր վարդ մը: Ձեռնարկի բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Պէօյիւքեանը, ան բարի գալուստ մաղթեց…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-Ամեակի նշում

ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղը իր հիմնադրութենէն (1966) սկսեալ բեղուն գործունէութիւն կը տանի Պէյրութի Մար Եուսէֆ շրջանին մէջ: Այս տարի կը զուգադիպի անոր հիմնադրութեան 50 ամեակին, հետեւաբար ներկայ վարչութիւնը կը յղանայ զայն պատշաճ ձեւով նշելու գեղեցիկ գաղափարը, որ առիթ պիտի ընծայէ անոր վերաշխուժացման եւ առաքելութեան ուխտի նորոգութեան: Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան…

Աւելին
Ճափոնի դեսպանատան ֆինանսաւորումով երեք նոր ծրագիրներու իրագործում  ԼՕխ-ի «Ա.Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ

20 Մայիս 2016-ը իւրայատուկ օր էր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: 5-րդ անգամն ըլլալով, լիբանանահայ գաղութի, տեղական եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի եւ Հայաստանի դեսպանները համախմբուած էին…

Աւելին
Ճափոնի դեսպանատան ֆինանսաւորումով երեք նոր ծրագիրներու իրագործում  ԼՕխ-ի «Ա.Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ

20 Մայիս 2016-ը իւրայատուկ օր էր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: 5-րդ անգամն ըլլալով, լիբանանահայ գաղութի, տեղական եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի եւ Հայաստանի դեսպանները համախմբուած էին…

Աւելին
Համբարձման Տօնի աւանդական պտոյտը

ԼՕԽ-ի «Կարս» (Էշրէֆիէ շրջան) մասնաճիւղի Համբարձման Տօնի աւանդական պտոյտը այս տարի կազմակերպուեցաւ դէպի Պաթրուն, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սանդուխտ Հերկելեանի, մասնաճիւղի անդամուհիներու եւ շրջանէն ԼՕԽ-ի բարեկամներու մասնակցութեամբ: Մասնակցողները, առաւօտեան նախաճաշը կատարեցին «Շէմսին» ծաղարանին մէջ, ապա այցելեցին Թռչնոց Բոյնի «Ա. Պէզիկեան» թանգարանը, աւարտին՝ Ժպէյլի «Հայ Կեդրոն»ը, ուր հիւրնկալուեցան ԼՕԽ-ի…

Աւելին
Պտոյտ Մայրերու Օրուան Առիթով

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը( Զալքա) , 17 Մայիս 2016-ին կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի Այնճար, մայրերու օրուան առիթով: ԼՕԽ-ական ընկերուհիներն ու բարեկամուհիները ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ճամբայ ելան առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Տերունական աղօթքէն ետք, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու մթնոլորտին մէջ հասան «Ksara»-ի գինեգործարանը, ուր տեսերիզի մը միջոցով ծանօթացան գինիի պատրաստութեան եղանակին, որմէ ետք…

Աւելին
Հոգեհանգստեան պաշտօն Այնճարի մէջ

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունի, ամէն տարի, հոգեհանգստեան պաշտօնով յարգելու մահացած ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարերարներու յիշատակը: Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Այնճար, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, հրամցուեցաւ հոգեսուրճ: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան անդրադառնալով մասնաճիւղի…

Աւելին
Մայրերու Օր

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «White Tower» պանդոկի «Արարատ Փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեանի, հրաւիրեալներու, ընկերուհիներու…

Աւելին
Դաշտագնացութիւն

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» (Ռաուտա) մասնաճիւղի տարեկան դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Մայիս 2016-ին: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ռաուտայի կեդրոնէն փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պեքաա, այցելեցին Զահլէի Մարոնիթ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ յատուկ աղօթք մը, Արցախի մէջ, հին ու նոր զոհուած մեր հերոս մարտիկներու յիշատակին: Շարունակելով, խումբը հասաւ Քսարա գինիի գործարանը, ուր տեսերիզով մը բացատրութիւն տրուեցաւ, թէ…

Աւելին
«Ուր կը գտնուին Մանրէները» նիւթով դասախօսութիւն

Ուրբաթ, 29 Ապրիլ, 2016-ին, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած առողջապահական նիւթերով դասախօսական շարքի 3–րդն ու վերջինը : Բացումը կատարեց շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Սոնա Եաբուճեան որ հաստատեց առողջապահական նիւթերու մասին տեղեկութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Օրուայ դասախօս՝ ընկերուհի Վերժին Խորշիտեան խօսեցաւ մանրէներու մասին բացատրելով թէ ինչ է…

Աւելին
60-Ամեակ ....60 Փոքրիկներու խրախճանք

Հովանաւորութեամբ ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , կազմակերպութեամբ՝ «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ հիւրասիրութեամբ՝ «Ժպիտ» խմբակին , Շաբաթ, 14 Մայիս 2016-ին , տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, երկրորդ ձեռնարկը, որ իւրայատուկ էր իր տեսակով եւ իմաստով: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանը, մասնաճիւղի վարչական…

Աւելին
«Անմիջական օգնութիւն եւ անհրաժեշտ դեղորայք տունէն ներս» նիւթով դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի 27 Ապրիլ 2016-ին առաւօտեան ժամը 10։00-ին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն « Անմիջական օգնութիւն եւ անհրաժեշտ դեղորայք տունէն ներս » թեմայով, զոր ներկայացուց տոքթ. Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան։ Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան։ Ան…

Աւելին
Համբարձման Տօն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ ընկհ. Գարօլ Էսսոյի եւ կազմակերպութեամբ Ռապիէ շրջանի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի , 10 Մայիս 2016-ին, Պիքֆայայի «Les Grandes Arcades» ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Համբարձման Տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի , ԼՕԽ-ի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ԼՕԽ-ականներու եւ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Նշում

Մասնաճիւղի մը հիմնադրութեան տարեդարձը տօնակատարելը առիթ մըն է ուխտի վերանորոգման, վերաշխուժացման եւ պատգամ մը՝ նոր սերունդին, երիտասարդ ուժերով հարստացնելու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը: Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2016-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ամանոս շրջանի ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան, Մարաշի հայրենակցական միութեան նորակառոյց , շքեղ «Գերմանիկ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի 60…

Աւելին