Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Պէյրութի «Կոմիտաս» կեդրոնի ժողովասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 85 ամեակի նշում:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մաքօ Ունճեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան: Ապա խօսք առաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան, որ իր կարգին դրուատեց մասնաճիւղին ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի համընդհանուր գործունէութեան բերած ծառայութիւնները եւ մասնաւորաբար «Մեղրի» մասնաճիւղի յաճախակի տաքուկ ձեռնարկները, հակառակ շրջանին մէջ գտնուող սակաւաթիւ ընկերուհիներու: Այնուհետեւ խօսք առաւ մասնաճիւղի ընկերուհիներէն Շաղիկ Մկրտիչեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի պատմականը, որուն հետեւեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Նժդեհ Պոտրումեան իր սքանչելի ձայնով, հրամցուց Կոմիտասէն եւ մեր անուշ հայկական երգերէն փունջ մը, խանդավառելով եւ ոտքի հանելով ներկաները, նոյնիսկ իրենք զիրենք «տարեց» համարողները:
Ձեռնարկի վերջին բաժնով մասնաճիւղի անդամները, ներկայ վարչականները, նաեւ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը խմբուեցան 85-ամեակի կարկանդակին շուրջ՝ զայն հատելով եւ նորանոր ամեակներ մաղթելով «Մեղրի» մասնաճիւղին:
Կատարուեցան նուիրատուութիւններ:
Ներկաները ուրախ եւ գոհունակ տրամադրութեամբ շնորհաւորեցին «Մեղրի» մասնաճիւղի 85-ամեակը, անոր տարած նուիրական առաքելութիւնը եւ մաղթեցին, որ երթը շարունակուի:












