Լուրեր

Շրջապտոյտ Դէպի Լիբանանի Հարաւային Շրջան

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնիէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը դէպի Լիբանանի հարաւային շրջանը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Շրջապտոյտը ընթացք առաւ դէպի Սայտա, ուր «Ալ Քնաան» Ճաշարանին մէջ ներկաները կատարեցին իրենց նախաճաշը, շարունակելով իրենց ճամբան այցելեցին «Տէյր Մխալլէս» եւ Մաղտուշէի «Սէյիտէթ Ալ…

Աւելին
Տոհմիկ Երեկոյ

Մուսա Լերան հերոսամարտի 101 եւ Այնճարի հիմնադրութեան 77 ամեակներուն առիթով կազմակերպուած աւանդական «Տոհմիկ Օր»-ը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակէն ներս: Ձեռնարկը կը վայելէր ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որու օժանդակած էին մասնաճիւղի հինգ յանձնախումբերը: Բեմը…

Աւելին
Պտոյտ դէպի Մաղտուշէ եւ Մլիթա

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի հարաւային շրջանը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Մաղտուշէ սրբավայրի Սուրբ Աստուածածին…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի Պէքաա

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ պտոյտով մը՝ դէպի Լիբանանի Պեքաայի շրջանը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00ին: Մասնակցողները այցելեցին Զահլէի «Սուրբ Աստուածամայր» եկեղեցին , «Քսարա» գինիի գործարանը, Թաանայէլի ագարակը, ապա կէսօրին ճաշեցին Այնճարի գեղատեսիլ «Ռազմիկ» ճաշարանին…

Աւելին
Ձեռագործներու Կրպակի Վերաբացում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի բերդին կից գտնուող ձեռագործներու կրպակին վերաբացումը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին եւ SPNL ընկերակցութեան պաշտօնէութեան: Ծրագիրը կազմակերպուած էր Այնճարի քաղաքապետութեան, SPNL ընկերակցութեան եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար»…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի Պաալպէք Եւ «Սէյիտէթ Պըշուէթ» Սրբավայր

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Անթիլիասի «Նայիրի» մասնաճիւղի նորակազմ վարչութեան, Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի Պէքաա, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բազմաթիւ հիւրերու: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պաալպէք, «հանգստեան» ճաշարանին մէջ կատարեցին իրենց նախաճաշը, ապա շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Պաալպէքի բերդ, «Սէյիտէթ Պըշուէթ»…

Աւելին
Գիտաշխատանոցի Մասնակցութիւն

Հինգշաբթի, 25 Օգոստոս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի պաշտօնէութիւնը մասնակցեցաւ «Effective Time Management» նիւթով գիտաշխատանոցի մը, որ կազմակերպուեցաւ եւ ներկայացուեցաւ կեդրոնի որակական կառավարման (Quality Management) յանձնախումբի անդամներուն՝ տիկ. Վերժին Խորշիտեանի եւ պրն. Գրիգոր Ալլոզեանի կողմէ: Սոյն գիտաշխատանոցը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական…

Աւելին
Պտոյտ դէպի Սայտա

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Արագած մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 25 Օգոստոս 2016-ին, տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի հարաւը գտնուող Սայտա քաղաքը, ներկայութեամբ շրջանի ծխատէր քահանայ հօր, բազմաթիւ լօխականներու եւ հիւրերու: Միօրեայ պտոյտին ընթացքին մասնակիցները առիթը ունեցան այցելելու Կանայի եւ Մաղտուշէի Ս.Աստուածածին ուխտավայրերը, ապա Ժսնայա գիւղին «Մխթար» ճաշարանին մէջ միասնաբար…

Աւելին
Կազդուրման Կայանի Փակման Հանդէս

Կազդուրման կայանի 2016-ի ամրան փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ընկերային յանձնախումբի անդամներ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներ, Հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէն քոյր Թէօպիսթէ, Գըլպաշեան ընտանիքի անդամները, բարերարներ, հայրենակիցներ եւ ծնողներ…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող ընկերային յանձնախումբի հիմնական ծրագիրը` կազդուրման կայանը, որ ընթացք առած էր երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ին, Այնճար հայաւանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ, աւարտեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին: Ընկերային յանձնախումբին հսկողութեամբ, ինչպէս նաեւ պատասխանատուներու եւ ԼՕԽ-ի մարդասիրական գործունէութեան նկատմամբ հաւատք ունեցող բարերարներու…

Աւելին
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Ընկերային Մթնոլորտէն:

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի ընկերային յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2016-ին,Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կազմակերպուեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի Հարաւային շրջանը, այցելելով ՇուՖի «Տէյր Ալ Մուխալէս» եւ Մաղտուշէի «Տէյր Ալ Մանթարա» սրբավայրերը, ինչպէս նաեւ «Մլիթա» -ի թանգարանը: Պտոյտին ներկայ էին կեդրոնի տնօրէնութիւնն ու…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ծրագիրի հիմնական առանցքը կազդուրման կայանն է, որ կը միտի պատրաստել առողջ միտք, հոգի եւ մարմին, 6-12 տարեկան պատանիներու եւ պարմանուհիներու համար, որոնք արհեստավարժ պատասխանատուներու հսկողութեամբ կը հետեւին դաստիարակչական, ընկերային եւ մարզական աշխատանքներու: Կազդուրման կայանը այս տարի ընթացք առաւ երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ին, Այնճարի շրջանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ բարերար Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըքճեանի, Ֆըսթըքճեան եւ Պապիկեան ընտանիքներ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կը նուիրեն 5000 ամ. տոլար: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը կը ցաւակցի հանգուցեալ բարերարին ընտանիքին` հաստատելով, որ նման հայ բարերարներու բացակայութիւնը մեծ կորուստ մըն է: Հանգուցեալ Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըքճեան հիմնադիրն ու սեփականատէրն էր «Թափի Լիպան» գորգագործական հաստատութեան եւ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի 57-րդ Պատգամաւորական ժողով (8-9-10 Յուլիս 2016)

ԼՕԽ-ի 57-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 8-9-10 Յուլիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանի, ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու 82 պատգամաւորներու, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան եւ հրաւիրեալներու: 57-րդ Պատգամաւորական ժողովը քննեց ԼՕԽ-ի անցնող երկամեակի բազմերես գործունէութեան տարբեր մարզերը եւ կատարեց…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2016-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը ծանօթացման եւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Այնճարի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ նորընտիր քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի հետ: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ Շրջանային Վարչութեան կազմին, ապա արծարծուեցան շրջանը յուզող զանազան նիւթեր, յատկապէս Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանի մասին: Քաղաքապետը…

Աւելին
Յանձնախումբերու պտոյտ

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի յանձնախումբերու ընկերուհիներուն համար 24 Մայիս 2016-ը եղաւ հաճելի եւ յիշատակելի օր մը: Միօրեայ պտոյտով մը աւարտեցաւ մասնաճիւղի 2015 - 2016 տարեշրջանի գործունէութիւնը: Խումբը շրջեցաւ Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Այցելեց “Սայտէթ Պըշուաթ” եկեղեցին, Արզ , Պընեշղի Լիճը , Պիքֆաեայի Ապրիլեան յուշարձանը եւ դպրեվանքը ուր ընկերուհիները միաբերան աղօթեցին եւ շարական երգեցին: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան…

Աւելին
Karaoke Night

ԼՕԽ-ի « Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ "Karaoke Night" ձեռնարկը, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ֊-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ`ընկհ. Սօսի Արամեանի, Հայաշէնի «Ռոստոմ »կոմիտէի հերթապահ `ընկ. Խաչիկ Համբարձումեանի, ընկերներու, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ թաղեցիներու…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան"-ի Ամառնային Գործունէութիւն

Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2016-ին ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեցին ընկհ. Շաղիկ Մկրտիչեանը, ներկայութեամբ գրադարանի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տիրամայր Էլօ Զուպոյեանի, ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեանի եւ գրադարանի պատասխանատուին: Ընկհ. Մկրտիչեան աշակետները ուրախացուց երկու պատմութիւններով, որոնք տարբեր նիւթեր կը բովանդակէին: Առաջինը՝ երեւակայական պատմութիւն մըն էր, որ հաճելի ձեւով…

Աւելին
Վիճակահանութեան վիճակաձգութիւն (2016)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքը կը կայանայ առաւելագոյն չափով հայ թէ օտար հանրութեան ծանօթացնել ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ բարեսիրական նպատակները, որոնց առընթեր մեկնակէտ ունի նիւթական հասոյթ ապահովել Շրջանային Վարչութեան: Յանձնախումբի 2014-2016 երկամեայ գործունէութեան վերջին ձեռնարկը եղաւ իր կազմակերպած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2016-ին…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի տնօրէնուհին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցան նորընտիր քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Ներկայ էր նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանը: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ Շրջանային Վարչութեան կազմին, ապա արծարծուեցան քաղաքապետութեան նախատեսած յառաջիկայ տարիներու…

Աւելին
Հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացք

Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի եւ աշխատանոցի յանձնախումբերուն ջանքերով, երեք ամիս տեւած հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացքը աւարտեցաւ 25 Մայիս 2016-ին: Մարաշի ասեղնագործութիւնը սորվեցան 7 տիկիններ, ընկհ. Ռիթա Լագիսեանի ցուցմունքներով, Մաքոք՝ 6 տիկիններ, Տիկին Ռեբեկա Թիւմպէրեանի ցուցմունքներով, Այնթէպի ասեղնագործութիւն՝ 3 տիկիններ, Տիկին Ցոլինէ Տումանեանի ցուցմունքներով, իսկ Սուազի ասեղնագործութիւն՝ 7…

Աւելին
«Խորովածի Երեկոյ» 2016

Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի Երեկոն» տեղի ունեցաւ, «Անի» ակումբի դիմացը գտնուող հանրային պարտէզի ծաղկաստանին մէջ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման Խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Պաճիքեանը: Ան յիշեց վարդերու ամիս՝ Մայիս ամսուան կարեւոր տօները, ինչպէս մայրերու նուիրուած օր, Համբարձման տօն, Հայաստանի անկախութիւն եւայլն... Ապա հրաւիրեց…

Աւելին
Տարեցներու միօրեայ պտոյտ դէպի Այնճար

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանայ շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ հայթայթել կարիքաւորներու: Ան իր մարդասիրական առաքելութիւնը կ'իրագործէ շնորհիւ բարերարներու, որոնք նիւթական ներդրումով կը նպաստեն ծրագրի յաջողութեան: Յանձնախումբը, խոհանոցէն օգտուող կարիքաւորները ուրախացնելու եւ հաճելի ժամանակ անցընելու նպատակով, կազմակերպեց միօրեայ պտոյտ մը դէպի Այնճար, որ…

Աւելին
Պտոյտ Մայրերու Օրուան Առիթով

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» (Մարաշ) մասնաճիւղի վարչութեան մայրերու օրուան առիթով կազմակերպած պտոյտը, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի եւ շուրջ 100 ընկերուհիներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պեքաայի Զահլէ քաղաքը, ուր առաջին հանգրուանին, խումբը այցելեց Ksara գինիի գործարանը: Հոն, ծանօթանալէ ետք գործարանի…

Աւելին