Լուրեր

Հարիւրաւոր Աշակերտներ Ստացան Իրենց Կրթանպաստները

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում հաւաք մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու եւ աշակերտներու: Հանդիպումը սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի…

Աւելին
Ձայնի Խանգարումներուն Մասին Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ձայնի խանգարումներ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց քիթի, կոկորդի եւ ականջի մասնագէտ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով…

Աւելին
The Diverse Activities of the ARCL

Interview with ARCL REB Chair Maral Mekhjian by Houri Papazian Emirian The Armenian Relief Cross of Lebanon (ARCL) has been and continues to be one of the most effective and extensively dynamic institutions in the Armenian community in Lebanon. The services of the ARCL extend to different groups of people of all ages and backgrounds. In an interview with ARCL Regional Executive Board (REB) Chair Maral Mekhjian, we learn more…

Աւելին
Տարեցներու Հաւաքոյթ

Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին , «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահը ողողուած էր Այնճարի տարեցներով, որոնք ընդառաջած էին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի հրաւէրին: Ճաշկերոյթը սարքուած էր բարերարութեամբ` Տէր և Տիկին Սեդրակ Բաբիսեան ամոլին, ներկայութեամբ՝ Այնճարի հոգեւոր հայրերուն, Առաքինազարդ քրոջ, Տէր և Տիկին Պատուելի Ագպաշարեաններուն և շուրջ 100 ներկաներու: Բացման…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի (Ֆանար) վարչութիւնը Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ձեռնարկեց իր անդրանիկ հաւաքոյթին՝ «ֆուլկերոյթ»ի մը, որ կայացաւ «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Շատ ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Մասնաճիւղի ատենապետուհիին բացման խօսքէն ետք, կատարուեցան ԼՕԽ-ական գիտելիքներու վերաբերող հարց ու պատասխան եւ այլ խաղեր: Շահողները ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Երգը, պարն ու…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այցելութեան ընթացքին սրբազան հօր ներկայացուեցաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան յառաջիկայ երկամեակի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան գաղութին դիմագրաւած ընկերային թէ տնտեսական հարցերը եւ անոնց անմիջական լուծումներ գտնելու միտքեր: Սրբազան հայրը գնահատեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին տարած բոլոր…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած, 2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2016-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանին, ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, հիւրերու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ թաղեցիներու…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տըքուէնի) կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիկեանի, հիւրերու եւ անդամուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Տէր գէորգեան, կատարեց ձեռնարկին բացման խօսքը: Ան շնորհակլութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ տիկին…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամները այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` ստանալու համար անոր հայրապետական օրհնութիւնն ու քաջալերանքը` յառաջիկայ երկամեակին զիրենք սպասող լայնածաւալ ու պատասխանատու գործունէութեան սեմին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան լիբանանահայ գաղութի ընկերային կեանքը յուզող առկայ վիճակի բարելաւման եւ…

Աւելին
Խաչքարի Զետեղման Բացման Հանդիսութիւն

Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ժամադրուած էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան նորընտիր եւ ընթացաւարտ կազմերու ընկերուհիները, «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) նորընտիր եւ ընթացաւարտ վարչական կազմերու ընկերուհիները, նախկին ատենապետուհիներ, վաստակաշատ երէց ընկերուհիներ, ներկայ գտնուելու մասնաճիւղիս հիմնադրութեան 60 ամեակին առիթով, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնին նուիրուած խաչքարի զետեղման…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Վարդուհի Գաթարճեան, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, շրջանի ընկերուհիներուն եւ գնահատեց անոնց…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անահիտ» Մասնաճիւղ

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽի «Անահիտ» (Մար Եուսէֆ) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2016-ին, մասնաճիւղի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սիլվա Գարակէօզեանի, բարերարուհի՝ տիկին Արշալոյս Ներսէսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ անդանուհիներու։ ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) վարչութեան կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2016-ին, շրջանիս «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեան, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ համակիրներ: Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պրունսուզեան: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ…

Աւելին
Մտերմիկ Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի (Ռաուտա) վարչութեան, Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կայացաւ մտերմիկ հանդիպում մը շրջանի ակումբէն ներս: Հանդիպման նպատակը մասնաճիւղի անդամներուն եւ նորընտիր վարչութեան իրար ծանօթացումն էր, որուն ընթացքին տեղի ունեցան պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ վիճակաձգութիւն:

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի «Brunch»-ը

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը՝ «Brunch», որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներէն՝ Հուրի Պաժիկեանն ու Մարալ Յովհաննէսեանը, քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիլեալներ եւ համակիրներ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, խօսքը տրուեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն վկայեալ հիւանդապահուհի՝…

Աւելին
Թարգմանչաց Տօն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբը, Թարգմանչաց տօնին առիթով, Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, կազմակերպած էր փոքր հանդիսութիւն մը, գրադարան յաճախող աշակերտներուն համար: Այդ օր, սովորականէն տարբեր մթնոլորտ մը կը տիրէր գրադարանէն ներս: Յանձնախումբի անդամ՝ ընկհ. Մարիա Ինճէեան, փոքրիկներուն հետ զրոյցի ձեւով եւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը: Խօսեցաւ անոր կեանքի կարեւոր…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ «Ոսկի Աշուն»

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ նշուեցաւ «Ոսկի Աշուն»ը ձեռնարկը: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ընկերուհիներէն՝ Վիքթորիա Հերկելեանը: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց ծանօթ խոհարարուհի՝ ընկերուհի Մարօ Չէօրէքճեանը, որու ցուցմունքներով՝ ձմրան դդումով (ղափամա) պատրաստուեցան…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ Թարգմանչաց տօնին առիթով

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի 2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը կը միտէր մտերմիկ օր մը անցնել «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ըսաւ.- «Աղաւնի Փափազեան մասնաճիւղի ընտանիքի անդամները միշտ քաջալերող եղած են մեր բոլոր ձեռնարկները, մեր իրագործումներուն յաջողութիւնը մեր միասնական աշխատանքին մէջն է»: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին՝ ընկհ. Յասմիկ Գէորգեանը…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2016-ին, Արագածի ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի ընկերային հանդիպում ձեռնարկը՝ կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան։ Ձեռնարկին ներկայ էին քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիրեալներ եւ մասնաճիւղին հաւատարիմ բարեկամներ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի փոխ-ատենապետուհի՝ ընկհ. Նուրիձ Դանիէլեան.ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, որոնք միշտ…

Աւելին
«Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր ամառնային շրջանը սկսաւ Երկուշաբթի, 4 Յուլիս 2016-ին եւ աւարտեց Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին: Գրադարան յաճախեցին 6-12 տարեկան փոքրիկներ, որոնց համար ծրագրուած էր ամրան յատուկ յայտագիր, որ իրագործուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, ժամը 9:00- 1:00: Ամրան յայտագրի թեման էր ծանօթանալ հեքիաթագիր եւ…

Աւելին
Լեռնագնացութիւն

Կազմակերպութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, աջակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ գիւղի երկսեռ տարեցներուն, երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ լեռնարշաւ մը դէպի Այնճարի հանդիպակաց պուրակը: Մինչեւ որոշ տեղ՝ տարեցներուն վերելքը դիւրացնելու նպատակով, օգտագործուեցան ինքնաշարժներ: Բնապահպանման կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ նախաճաշի հիւրասիրութիւն…

Աւելին
Ծանօթացման Հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը, իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ «Ծանօթացման Հանդիպում»ով մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ, ուր շրջանի ԼՕԽ-ական ընկերուհիները հրաւիրուած էին ծանօթանալու նորընտիր վարչութեան: Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, ապա մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան բացուած յայտարարեց հանդիպումը: Ան բարի գալուստի…

Աւելին
«Մանուկներու առողջ սննդականոն» եւ «Մարմնին մէջ իւղերու եւ ջուրի չափագրում» նիւթերով դասախօսութիւններ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «երեքէն տասը տարեկան մանուկներու առողջ սննդականոնի ձեւերը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Տոքթ. Ռեմոն Նահհաս (մանկաբոյժ): Ան շեշտը դրաւ մայրական կաթի կարեւորութեան եւ բնական սնունդով աճելու հոլովոյթին վրայ: Ներկաներուն՝ դասխօսութեան նիւթին առնչուող…

Աւելին
Հանդիպում Արցախի նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքին հետ

Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Արցախեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը, որոնք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով ժամանած են Լիբանան մասնակցելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց 25-ամեակի հանդիսութեան։ Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները վիշտով եւ հպարտութեամբ անդրադարձան Արցախեան պատերազմին իրենց…

Աւելին