Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ տիկ. Մարալ Պուճիքեանի, կազմակերպութեամբ «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Ալ Սուլթան Իպրահիմ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25-ամեակի ձեռնարկի նշումը։ Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայատանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին տիկինը՝ Իզապէլ Մկրտչեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած հանդիսութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ լուսարձակի տակ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի, երէկ` ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի…
ԱւելինԴուն կամաւոր հա՛յ խաչուհի, Անվարան ծառայող կարօտեալին, Դուն շտապ հասնող չքաւորին, Պնակ մը ճաշի կամ դարմանումի: Դուն աստուածահաճոյ գործին զոհուած, Անսակարկ նուիրուած ես ժողովուրդին, Դուն փարոսն ու յոյսը տարեցին ու փոքրին, Միշտ նեցուկ կանգնող աղքատին: Դուն բարեսէր հայուհի, Որքա՜ն բարի եւ զոհուած, Սիրայօժար ամէն անգամ Ժպիտով կը բախես դուռը օգնելու համար: ՅԱՍՄԻԿ ՀԱՆԷՇԵԱՆ (ԱՖԱՐԵԱՆ)
ԱւելինՄենք ենք կամաւոր խաչուհիներ ուխտաւոր Դաշտին մէջ տանջանքի – հոգեմաշ քաղցի – Տենչանքով լեցուն վաղուան գալիքի Տեսիլքով գունեղ սփոփանք որպէս ահեղ զրկանքի պապակն յագեցնող Ապրելու համար մաքառող մամիկներ Ուսման ծարաւի մատղաշ բողբոջներ Յանուն մարդկութեան սաւառնող թեւեր Գրկաբաց պատրաստ կամաւոր քոյրեր բերկրալի վշտի, կսկիծի որպէս բալասան – կանայք գթութեան – Մենք ենք կամաւոր անխախտ տեսլականով Յանուն գալիքի բարւոք օրերու արշալոյսին բիլ…
ԱւելինԱմէնօրեայ աշխարհի լուրերը այնքան կը ճնշեն մեզ, որ մենք յաճախ կը դառնանք անկարող` մարդկութեան տառապանքին ձեռք երկարելու: Քանի մը ամիս առաջ էր տակաւին, սուրիացի փոքրիկ տղուն (Օմրանին) պատկերը մեր յիշողութեան մէջ դրոշմուած է` արիւնլուայ, ցնցուած վիճակի մէջ, անորոշութեան ուրուականը աչքերուն մէջ, գամուած էր աթոռին, կորսնցուցած ընտանիքը, ապահովութիւնը եւ ամէն բան: Ան կը ներկայացնէր աշխարհի այս օրերուն իրավիճակը: Անապահով, անարդար…
Աւելին1910-ին հիմնադրուեցաւ Հայ օգնութեան միութիւնը, որով առաւել իմաստաւորուեցաւ կամաւոր բառը: 1930-ին հիմը դրուեցաւ ԼՕԽ-ին, որ հետզհետէ ընդարձակեց իր աշխատանքային դաշտը` 26 մասնաճիւղերուն ընդմէջէն: Անիկա ո՛չ միայն լծուեցաւ ժողովուրդին ծառայութեան, այլ նաեւ անոր մէջ վառ պահեց պահանջատիրական ոգին: Պարման տարիքիս` 1975-ին, կը յիշեմ, որ տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով դուռը կը թակէին գեղադէմ տարեց ու երիտասարդ կիներ, որոնք ժպտուն…
ԱւելինԱմէն տարի դեկտեմբերի առաջին շաբաթը կը նշուի Օգնութեան խաչի կամաւորներու օրը: Այդ հանդիսութիւնը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ հայ ժողովուրդը որքա՛ն մօտ կը զգայ այս մեծ կազմակերպութեան, որ ծնած է իր իսկ գաղութէն, հասակ նետած` մեր գուրգուրանքով եւ ուռճացած` տարուէ տարի ընդարձակելով իր գործունէութեան դաշտը: Կամաւորներու օրը նշելով` Օգնութեան խաչը իսկական արժէքը կու տայ այդ անձնուէր գործունէութեան ծառայող անդամուհիներուն…
Աւելին«Եսական եւ այլամերժ ախորժակներով գերյագեցած մարդկային ընկերութեան մէջ, իսկական մխիթարանքի եւ սիրոյ յուսատու շող մըն է, ծառայութեան եւ նուիրումի նման շարժում մը», իր կամաւորներով: ԼՕԽ-ականներս ամէն տարի կը տօնենք կամաւորներու օրը, որպէսզի առիթ ընծայենք մեզի` խորհելու, մտածելու կամաւորական աշխատանքի մասին, վերանորոգելու համար մեր կենսունակութիւնն ու եռանդը եւ մենք մեզ հաշուեյարդարի հրաւիրելու եւ խոկալու մեր կատարած սխալներուն…
ԱւելինԿամաւորը անուն չունի, անոր վեհութիւնը կ՛ընդգրկէ բոլոր անունները: Յաճախ խօսուած է «կամաւոր»-ի գործի արժէքին մասին, այդ գործին արդիւնքին, չափին մասին, թէ կամաւոր աշխատանք մը որքանո՞վ եւ ի՞նչ տարողութեամբ իր ազդեցութիւնը ձգած է անհատի մը, հաւաքականութեան մը, կամ նոյնիսկ համամարդկային արժէքի մը վրայ: Շրջենք պատկերը: Կամաւոր աշխատանքով մը որքա՞ն ճիգ թափուած է ազդեցութիւն մը, կամ փոփոխութիւն մը կատարելու: Ճի՞շդ է այն վարկածը, որ…
ԱւելինԿամաւոր աշխատանքը ազնուական եւ առողջ ընկերութեան մը ազդանշանն է: Այն ընկերութիւնը, որ ունի իրենց անձնական կեանքերը, շահերը, փառքերը եւ հաշիւները մէկդի դրած անդամներ, որոնք կը լծուին միութենական եւ կամաւոր աշխատանքի, կ՛ապացուցէ հաւաքականութեան մը պատուական ըլլալը: Միութենական աշխատանքը անշուշտ ինքնանպատակ չ՛ըլլար: Կը ձգտի աւելի լաւ, արդար եւ հաւասար ընկերութեան մը: Աւելի՛ն. միութենական կեանքը կրնայ ռազմավարական կարեւորութիւն…
ԱւելինԱրդէն հրապարակի վրայ է ԼՕԽ-ի 2017-ի օրացոյցը, որուն մէջ այս անգամ տեղ գտած են լիբանանահայ արուեստագիտուհիներուն ստեղծագործութիւններն ու գեղանկարները: Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կատարուած այս աւանդական նախաձեռնութեամբ ԼՕԽ-ը կը միտի 2017-ի օրացոյցին մէջ մեր արուեստագիտուհիները յարգել ու մեծարել, անոնց գործերը հայ թէ օտար ընտանիքներու տուներէն ներս ներկայութիւն դարձնել: Իւրաքանչիւր ամիս կը կրէ արուեստագիտուհիի մը դրոշմը…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.ի 57-րդ պատգամաւորական ժողովը, այլ որոշումներու կարգին, որոշում տուած էր՝ մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութիւններու գործունէութիւնը աւելի հեզասահ դարձնել: Այս որոշումի իրագործման ճամբուն վրայ, ժողովը կը թելադրէր կազմակերպել հաւաքներ, որոնց ընթացքին բացատրել մասնաճիւղերու վարչութիւններու դիւանի անդամներու պարտաւորութիւնները, պարտականութիւններն ու իրաւունքները: Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումը իր…
ԱւելինԵՒՆԻԿԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Հայկական ասեղնագործութիւնը ժողովրդական ստեղծագործութեան հին եւ հարուստ բնագաւառներէն մէկն է: Ան մշակուած է հազարամեակներէ ի վեր: Հին ժամանակներէն ասեղնագործութիւնը եղած է հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ կնոջ սիրած զբաղումներէն մէկը: Հայկական ասեղնագործութեան մասին կը վկայեն մեր մատենագիրները` Ագաթանգեղոս, Մովսէս Խորենացի եւ ուրիշներ: Հին դարերու զարգացած արուեստը սերունդէ սերունդ անցնելով հասած է մեզի…
ԱւելինԺԱԳԼԻՆ ԹԵՐԶԵԱՆ Ասեղնագործութիւնը հայ կնոջ հպարտանալու միջոցներէն մէկը եղած է դարերէ ի վեր: Այդ արուեստով իր հոգեկան ապրումները իր յոյզերն ու յոյսերը արտայայտած է: Ցաւ ի սիրտ, կեանքի հեւքը ապրուստի ապահովման վազքը, ժամանակի չգոյութիւնը պատճառ եղած է, որ նահանջ արձանագրուի աշխատողներու թիւին մէջ: Սակայն սէրն ու գուրգուրանքը, գեղեցիկը գնահատելու հայու բնազդը միշտ մնացած են հայուհիին մէջ: ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը մեծ եղած է` հիմնելով…
ԱւելինԼԻԶԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆ-ԹԻՒՄՊԷՐԵԱՆ Աչքերը պէտք է գեղեցկութիւն ըմպեն, որպէսզի սնունդ տան հոգիին եւ յագեցնեն անոր ծարաւը: Որքան հաճելի եւ ուրախալի է տեսնել քու իսկ աշխատած ձեռագործդ` զայն աւարտելէ ետք, որքան հպարտութեամբ կը լեցուի հոգիդ տեսնելով քու կարած ու նաշխած կտորդ: Մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը հայ տունը զարդարուած կ՛ըլլար տանտիկնոջ կողմէ բանուած նուրբ ասեղնագործերով, երբ կը պատրաստէր օժիտը եւ անոնց դրած կ՛ըլլար իր ամբողջ երազները եւ…
ԱւելինՀամադրեց` ՅԱՍՄԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ Ա.- Պատմական Ասեղնագործութիւնը ժողովուրդի մը մշակութային ժառանգութեան ցայտող աղբիւրն է, որուն ճամբով կը պատմուի ժողովուրդի մը աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, առասպելներուն մասին, ինչպէս նաեւ հոն կը հաստատուի անոր տաղանդն ու հնարամտութիւնը: Ասեղնագործութիւնը կ՛ընդգրկէ տարբեր կարատեսակներ եւ ժանեակագործութիւն: Դժուար եղած է ծագումին ճշդումը, առարկային տարիքը, փոխհարստացումը, պատճառ`…
ԱւելինԱսեղնագործութեան արուեստը միշտ եղած է հայ կնոջ հետաքրքրութիւնը: Ցարդ ասեղնագործութիւնը կը պահպանուի Ձեռարուեստի կեդրոնի գոյութեամբ` կազմակերպելով ձեռագործի դասընթացքներ եւ ցուցահանդէսներ: Հայկական զանազան ասեղնագործութեան արդիականացումը կտորներու, նախշերու եւ գոյներու ընտրութիւնը, պատճառ հանդիսացաւ, որ երիտասարդ սերունդը մօտէն հետաքրքրուի, փափաքի սորվիլ եւ տան մէջ ունենալ այս գեղեցիկ, աւանդական ասեղներու ձեռագործներէն: Մեծ…
Աւելին«Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» նշանաբանէն մեկնած` 86 տարիներ շարունակ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը գործեց ի նպաստ իւրաքանչիւր հայորդիի եւ փորձեց հասնիլ անոր կարիքներուն: Ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջելու զուգահեռ, ԼՕԽ-ը փորձեց նաեւ տէրն ու պահապանը հանդիսանալ հայկական արժէքներուն, յատկապէս` ձեռագործներուն: Հայկական ասեղներու մեծարժէք ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը 1976-ին…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2016-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց երգիչ Նժդեհ…
ԱւելինՀինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառը Լիբանանի Հայոց թեմ իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, այցելեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն։ Վեհափառ հօր կ՛ընկերակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ԼՕԽի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրէֆիէ) 2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեան, «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Ուրբաթ 18 Նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Քանափէներու» և Թացաններու պատրաստութեան միօրեայ դասընթացք մը, որ ներկայացուեցաւ ընկերուհի Փառանձեմ Քէլեանի կողմէ: Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան և դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, բարի գալուստի խօսք մաղթեց ներկաներուն՝ ընկերուհի Ռիթա…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա.Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը կազմակերպած էր «Աշնանային Հաւաքոյթ» մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն…
Աւելին


















