Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի 11 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յետվիրաբուժութեան խնամք» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հիւանդապահ Վիքի Հերկելեան: Առողջապահական յանձնախումբին ատենապետ Սիրուն Վարդապետեան բացատրեց, որ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական Ազգային Պարը» նիւթով դասախօսութիւն: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբին անունով ընկհ. Մարալ Ղարիպեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան նիւթը ըսելով՝ «ԼՕԽ-ի…
ԱւելինՀինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի «Կոմիտաս» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի կազմակերպած «Աւանդական Ճաշի Պազար»ը: Պազարին վաճառուեցան հայկական համադամ ճաշեր եւ անուշեղէններ: Ձեռնարկը յաջողութիւն արձանագրեց նիւթապէս եւ բարոյապէս: Վարչութիւնը սոյն յաջողութիւնը կը պարտի մասնաճիւղի կամաւոր ընկերուհիներուն, որոնց ձեռամբ պատրաստուած էին յիշեալ ուտեստեղէնները, քաջ գիտնալով, որ իրենց այս աշխատանքը պիտի…
Աւելին4 Յունուար 2017-ին, Այնճարի տարեցները հրաւիրուած էին Ճաշարան «Արեւ» միասնաբար տօնելու Ս. Ծնունդը: Ս. Ծնունդի հաւաքոյթին բարերարութիւնը ստանձնած էին Ամերիկաբնակ Տէր և Տիկին Րաֆֆի և Հերա Մախուլեաններ, իրենց բալիկներուն՝ Յակոբի և Հայկի հետ, առ ի երախտագիտութիւն՝ իրենց ծննդավայր Այնճարին, ուր անցուցած էին իրենց մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը: Հաւաքոյթին՝ զիրենք կը ներկայացնէր տիկ. Քնար Շխըրտըմեան-Գամպէրեան: Ձեռնարկին բացման…
ԱւելինՈւրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի ու «Նարօտ Արտալճեան» գդադարանի փոքրիկները «Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ Նոր Տարի տօնեցին: Ձեռնարկը իրականացաւ շնորհիւ տիար Անդրանիկ Պալճեանի եւ որդիներուն կատարած եզակի նուիրատուութեան: Փոքրիկները երգեցին ու Կաղանդ Պապուկին հետ պարեցին: Ապա գեղեցիկ նուէրներով եւ ուտեստեղէնի ու միրգերու ծրարներով մեկնեցան իրենց տուները…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Շուշի» մասնաճիւղին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Զահլէի մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2016-ին, Զահլէի «Հայ Կեդրոն»ը ապրեցաւ կաղանդի մթնոլորտ մը: Արդ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, կեդրոնի սրահին մէջ հաւաքուեցան շրջանէն 50 փոքրիկներ: Անոնք վայելեցին ներկայութիւնը հանդիսավար՝ տիկին Լիզա Հէքիմեանի, որ իր շուրջ համախմբեց երեխաները զուարճացնելով զանոնք, իր պատրաստած խաղերով: Ձեռնարկի աւարտին, Կաղանդ Պապուկը այցելեց…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբերուն, հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի ճաշարանի ծերունիները միասնաբար տօնեցին իրենց Նոր տարին եւ ուրախ ժամեր անցուցին: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Կարինէ» (Ամանոս) մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պրունսուզեան, կատարեց ձեռնարկին բացումը: Ան ըսաւ.- «Կաղանդը բոլորին ամենասիրելի…
ԱւելինԼիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արագած» մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած շրջանի «Ծերերու Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2016-ին ,յետմիջօրէին ժամը 3։00-ին, Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ։ Մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւններ միշտ նախանձախնդիր եղած են պատուելու իրենց տարեցները.այդ նպատակով ալ ամէն տարի 23 Դեկտեմբերին կը նշուի «Ծերերու Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկը։ Անգամ մը եւս տօնական…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Հեղուշ Փափազեան» (Ռաուտա) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Էհլան»ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի Ձեռնարկը: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններէ ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ հիւրեր: Վարչութեան…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2016-ին, Նիկոլ Դուման ակումբի սրահին մէջ կազմակերպեց ընկերային հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու։ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, վարչութեան ատենապետուհին կատարեց ձեռնարկին բացումը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ըսելով, որ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Աղթամար մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին Ամանորի հաւաքոյթը ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, 17 Դեկտեմբեր 2016- ին ճաշարան Արեւի մէջ։ Ձեռնարկին բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի ՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան, որ ուրախութեամբ ողջոյնի խօսք ուղղեց Լ.Օ.Խ-ի աշխատանքներուն հաւատացող համակիր տիկիններուն: Գնահատեց մասնաճիւղին գործունէութեան հանդէպ ժողովուրդին համարումը եւ…
ԱւելինՇաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշի պազարը, Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով, որ յաջողութիւն արձանագրեց նիւթապէս եւ բարոյապէս: Վարչութիւնը այս պազարին յաջողութիւնը կը պարտի կամաւոր օժանդակութեան մասնաճիւղի անդամուհիներուն, ոմանց՝ կատարած նուիրատուութեանց, ուրիշներու ճաշի պատրաստութեանց: Պազարին վաճառուեցան հայկական ճաշեր, անուշեղէններ եւ…
ԱւելինՈւրբաթ,16 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնը ժամադրավայրը դարձած էր դարմանատան մէջ ծառայող կամաւոր բժիշկներուն: Կեդրոն ժամանեցին տարբեր մասնագիտութեան տէր բժիշկները (թիւով 12) իրենց ընտանիքներուն հետ: Կեդրոնի բժիշկներուն համար կազմակերպուած աւանդական այս հաւաքոյթը, վարչութիւններուն համար եղած է երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւնը անոնց՝ մեր ժողովուրդին…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 30 նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընդհանուր գիտելիքներ խոհանոցին մէջ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուցին խումբ մը ուսանողներ` Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի կենսոլորտի բաժինի: Առողջապահական…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գիրութիւնը եւ անկէ խուսափելու ընդհանուր ձեւեր» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց` տոքթ. Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան: Բացման խօսքը ներկայացուց առողջապահական…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, աւանդութիւն դարձած Նոր Տարուան ձեռնարկը կազմակերպեց, Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Անապ» ճաշարանին մէջ, Մար Միխայել: ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, մասնաճիւղերու վարչութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ բարեկամուհիներ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին վարչութեան տարած աշխատանքը, զօրավիգ հանդիսացան, որպէսզի նոր կորովով շարունակէ իրեն վստահուած…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի (Անթիլիաս) վարչութեան, Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ «Ամանորի Ընկերային Հանդիպում»ը «Աղբալեան» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, քոյր մասնաճիւղերու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ յարգելի հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան վարչութեան…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ՝ Այնճարի Քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական ուտեստեղէններու եւ տոհմիկ աւանդութիւններու տարեկան ցուցահանդէս-վաճառքը: Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, Առաքինազարդ Քոյրը, պատկան մարմիններու…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Ընկերային յանձնախումբին, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ Կաղանդի ձեռնարկը, շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Ամանորի աւանդական խրախճանքին ներկայ էին նաեւ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող փոքրիկները: Շուրջ 73 փոքրիկներ, երկու ժամուան տեւողութեամբ, ԼՕԽ-ի…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40 ամեակի ձեռնարկը, «Նահր էլ Քալպի» «Նահր էլ Ասրար» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Գայեանէ» մասնաճիւղին (Պէյթ Գօգօ), Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Նահր Էլ Գալպ»ի «Holiday Beach»ի «Le Canoe» ճաշարանին մէջ նշուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40 ամեակը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի եւ ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, հիմնադիրներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը շրջանի ընկերուհիները համախմբելու եւ միասնաբար ուրախանալու միտումով, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ին, ճաշարան «Diwan AL Hashem»ի մէջ կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Սիրելիներ կը շնորհաւորենք ձեր բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, 2017 տարին բոլորիս բերէ առողջութիւն…
Աւելին






















