ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար կազմակերպած են Առողջ Ապրելակերպի Սեմինարներու շարք մը , որ տեղի պիտի ունենան ամիսը անգամ մը, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի « Թնճուկեան» սրահէն ներս: ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը կը միտի նոր սերունդին մօտ յառաջացնել առողջ ապրելաձեւի գիտակցութիւն: Այս նպատակով ալ յանձնախումբը ծրագրեց սեմինարներու շարք մը, 25-45 տարեկան…
ԱւելինԵրկու հարիւր ներկաներու համար ուրախալի պահ էր գտնուիլ Լ.Օ.Խ.-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան Միջինքի առիթով կազմակերպած ճաշկերոյթին, «Քատիրի» պանդոկի «Քրիստալ» սրահին մէջ: Արդ, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին: Ապա վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ֆիմի Տէմիրճեան, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ…
ԱւելինԱյնճարի Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը ունեցաւ իր երկրորդ դասախօսութիւնը, Ուրբաթ, 10 Մարտ 2017-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ.ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս: Բացման խօսքով՝ ընկհ. Կարինէ Թէրզեան, ներկայացուց դասախօսուհին, Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքի երիցուհի՝ Նանոր Գլնճեան Ագպաշարեանը, ապա հրաւիրեց զայն ներկայացնելու «Միզային Համակարգի Հիւանդութիններ» նիւթով դասախօսութիւնը: Հիւանդապահուհին…
ԱւելինԵրկուշաբթի, 13 Մարտ 2017-ին, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վ. Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին մէջ տեղի ունեցաւ անվճար ճաշի դասընթացք մը, նախաձեռնութեամբ խոհանոցի Երեքշաբթի օրուան յանձնախումբին: Դասընթացքին ներկայ եղան լիբանանահայ եւ սուրիահայ տիկիններ, որոնք ստացան օգտաշատ գիտելիքներ ճաշերու թէ աղցաններու պատրաստութեան, բաղադրութեանց ու ձեւերու մասին: Տեղին է յիշել, որ ճաշատեսակներու պատրաստութիւնն ու բացատրութիւնը կատարեցին…
ԱւելինԿանանց միջազգային օրուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» (Այնճար) մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց հանդիսութիւն մը: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան, որ առիթը պատեհ նկատեց մատնանշելու, թէ գարնան ժամանումով, կանանց մեծարանքը, ուսուցիչներու յարմար գնահատականը եւ Մեծ Պահոց խորհուրդը կը միտին յաւելեալ արժեւորումի առիթ ստեղծել: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր…
ԱւելինԼՕԽի Շրջ. Վարչութեան Կազմակերպչական Յանձնախումբ Կազմակերպչական թերթիկ թիւ 2 Փետրուար 2017 Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 17 Նոյեմբեր 1999ին որոշում տուաւ 21 Փետրուարը մայրենի լեզուի օր հռչակել: Այս որոշումը կը միտի այն իրողութենէն, որ լեզուները հետզհետէ սխալ կը խօսուին եւ կը գրուին, այսինքն վայրէջքի մէջ կը գտնուին: Այս նկատառումով է ահա, որ ՄԱԿը կը թելադրէր ժողովուրդներուն, որ գուրգուրան իրենց մայրենի լեզուներուն վրայ:*…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած Պահքի Աւանդական Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 28 Փետրուար 2017-ին, «Աղբալեան» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեան, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, անդամուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ…
ԱւելինՈւսուցչաց տօնին առիթով, Լ.Օ.Խ.-ի «Արագած» մասնաճիւղի կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2017-ին «Արարատ Փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ՇրջանայինՎարչութենէն ներկայացուցիչ` ընկհ. Նազելի Աւագեանի, ընկերուհիներ Սեդա Մածունեանի, Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ` ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, քոյր մասնաճիւղերու թէ միութիւններու ընկերուհիներու եւ այլ հրաւիրեալներու։ Ձեռնարկին բացման…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը Բարեկենդանի առիթով կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիլեալներ եւ համակիրներ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) կազմակերպած Բարեկենդանի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 24 փետրուար 2017-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղի անդամուհիները եւ բարեկամուհիներ: Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութեամբ, ապա մասնաճիւղի վարչութեան…
ԱւելինՎԱՀԷ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ Մարտ 8-ը: Կիներու միջազգային օր: Այս յատկանշական օրուան առիթով, կարծեմ, մեզ կը հետաքրքրէ միայն «ՀԱՅ ԿԻՆԸ»: Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք մեր պատմութեան` սկսելով Վարդանանց պատերազմէն, 1915-ի ջարդերէն ու տեղահանութիւններէն, Փետրուարեան ապստամբութենէն, հասնելով մինչեւ սփիւռքահայ գաղութներու, ի մասնաւորի, սուրիահայ եւ լիբանանահայ գաղութներու կազմաւորման աշխատանքներ, բոլորին մէջ ալ, ռամիկէն մինչեւ ազնուական, հայ…
ԱւելինՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ Կիներու միջազգային օրը տարուան ընթացքին այն գեղեցիկ առիթներէն մին է, որ մենք թէ՛ որպէս հաւաքականութիւն եւ թէ՛ որպէս անհատ վեր բերենք եւ մտածենք Հայ Կնոջ ունեցած մարդկային, բարոյական, հոգեւոր ու ազգային բացառիկ արժէքներուն եւ յատկանիշներուն մասին: Հայոց պատմութեան ամենավաղ շրջաններէն սկսեալ մինչեւ մեր օրեր, մեզի հասած վկայութիւններն ու արձանագրութիւնները շատ յստակ ձեւով կը վկայեն, թէ հայ կինը ունեցած է…
ԱւելինՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Կիներու միջազգային օրը առաւել կ՛արժեւորէ կնոջ դերակատարութիւնը կեանքի ոլորտին մէջ` նկատի ունենալով այն ծանր պատասխանատուութիւնը, որուն դիմաց կը կանգնի մեզմէ իւրաքանչիւրս` բարձր գիտակցութեամբ կատարելու այն, ինչ որ զինք առաւել կը գեղեցկացնէ իր կոչումին մէջ: Կեանքի տարբեր պայմաններուն ու զարգացումներուն զուգահեռ, ընթացք կ՛առնէ նաեւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւոր կէտը` նկատի ունենալով…
ԱւելինԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Մարտի 8-ը Կիներու միջազգային օրն է: Ամբողջ աշխարհը այս առթիւ կը շնորհաւորէ եւ կը գնահատէ իգական սեռի ներկայացուցիչները: Ուշադրութեան արժանի է նաեւ այն իրողութիւնը, որ հայրենիքի մէջ այս առիթը թէ՛ ժողովրդային եւ թէ՛ պետական մակարդակով կը յիշատակուի, որ խորհրդային շրջանի լաւ աւանդութիւններէն մէկը կարելի է նկատել: Ժամանակին հետ այս առիթը սկսաւ նաեւ արժանի կերպով յիշատակուիլ սփիւռքի մէջ, ինչ որ ողջունելի է: Անկախ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանի, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 6 մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը: Լիբանանեան եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, կազմակերպիչ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու անմիջական ձեւեր» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան ։ Առողջապահական յանձնախումբի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան, Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Նորաշէնի «Ռուբէն» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուհի Գաթարճեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծխախոտը դադրեցնելու միջոցները» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց «Էլ. Էյ. Եու» համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի տնօրէն դոկտ. Անահիտ Տէր…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Ալտալճեան» գրադարանի յանձնախումբը Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, կազմակերպեց Վարդանանց տօնակատարութիւն գրադարանի աշակերտներուն համար: Ձեռնարկը սկսաւ Եղիշէ պատմիչի «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաւոր նախադասութեան վերլուծումով: Տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին աշակերտները փոխանակեցին Վարդանանց պատերազմի մասին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները, անդրադառնալով անոր…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Յասմիկ Գոճայեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու , անդամուհիներու եւ հիւրերու: Մասնաճիւղի վարչութեան…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթի ձեռնարկը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Ձեռնարկը իրագործուեցաւ շնորհիւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեան, Ալիս Պօղոսեանի նախագահութեան եւ յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպութեան: Մեծաթիւ ներկաներ, ըլլան անոնք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, դեսպանատուներու, միութիւններու…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Սուրբ Սարգիսի եւ Տեառնընդառաջի տօներուն առիթով , 16 փետրուար 2017-ին, կազմակերպեց ընկերային ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ՝ մասնաճիւղին մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն եւ հրաւիրեալներու։ Լ.Օ.Խ.-ին քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք…
ԱւելինԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 13 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական ճարտարապետութիւնը Հայաստանէն Լիբանան եւ սփիւռք» նիւթով դասախօսութիւն մը` հիւր դասախօս ունենալով Րաֆֆի Չերչեանը: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Վարդիթեր…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2016-ին, տօնական օրերու առիթով Սէն Ժոզէֆ համալսարանի «Հայկական ակումբ»-ի խումբ մը ուսանողներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ դասարանին աշակերտներ, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի հետ գործակցաբար, այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ բնակող հայ կարիքաւոր ընտանիքներու: Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, անոնք ուրախացուցին նշեալ…
Աւելին






















