Ձեռնարկ՝ Սուրբ Սարգիսի Եւ Տեառնընդառաջի Տօներուն Առիթով

Լ.Օ.Խ.-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Սուրբ Սարգիսի եւ Տեառնընդառաջի տօներուն առիթով , 16 փետրուար 2017-ին, կազմակերպեց ընկերային ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ՝ մասնաճիւղին մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն եւ հրաւիրեալներու։

             Լ.Օ.Խ.-ին քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան, ներկաներուն բարի գալուստի խօսքը փոխանցելէն ետք Սուրբ Սարգիսի կեանքին, այդ տօնին, ինչպէս նաեւ Տեառնընդառաջին եւ կարգ մը հայկական սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։

Ապա ներկաները հիւրասիրուեցան վարչական ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած ճաշով, նաեւ Սուրբ Սարգիսի յատուկ քաղցրեղէնով եւ քումպայով:

            Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, նուիրատուութիւն եւ ընկերային ջերմ մթնոլորտով վերջ գտաւ ձեռնարկը: