Առողջ Ապրելակերպի Սեմինարներ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար կազմակերպած են Առողջ Ապրելակերպի Սեմինարներու շարք մը , որ տեղի պիտի ունենան ամիսը անգամ մը, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի « Թնճուկեան» սրահէն ներս:

ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը կը միտի նոր սերունդին մօտ յառաջացնել առողջ ապրելաձեւի գիտակցութիւն: Այս  նպատակով ալ յանձնախումբը ծրագրեց սեմինարներու շարք մը, 25-45 տարեկան երիտասարդուհիներու, անոնց փոխանցելու առողջապահական, հոգեբանական, տնային ընդհանուր եւ այժմէական գիտելիքներ, որպէսզի զանոնք գիտակից դարձնելով հեռու պահէ հիւանդութիւններէ եւ մոլութիւններէ: Շարքին առաջին սեմինարը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Սեմինարին բացումը կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, որմէ ետք առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան, բարի գալուստ մաղթեց մասնակիցներուն, ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի պատմականը ներկայացնելէ ետք, ան անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի յանձնախումբերու եւ 26 մասնաճիւղերու գործունէութեանց, խաչուհիի առաքելութեան, անշահախնդիր նուիրումին եւ հայ ազգին նկատմամբ անոր բարեսիրական յանձնառութեան, ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս տարուած աշխատանքներուն, այսպիսի ծրագիրներու իրագործման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ քաջալերեց ներկաները անդամագրուելու ԼՕԽ-ի շարքերուն: Երկու ժամ տեւողութեամբ սեմինարը ընթացաւ շատ հաճելի, դաստիարակիչ եւ ընկերային մթնոլորտի  մէջ:

ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու՝ ընկհ. Վերժին Խորշիտեան փոխանցեց խոհանոցային գիտելիքներ, տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, տեսերիզի ցուցադրութեամբ, խօսեցաւ մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգներուն եւ մոլութիւններուն մասին, իսկ տոքթ. Ալինա Քէշիշեան՝ մորթի կազմուածքին եւ մաքրութեան մասին, որմէ ետք տիկին Պայծառ Կիրակոսեան, դէմքի խնամքի գիտելիքներ փոխանցեց:

Մասնակիցները գոհ էին ու խանդավառ, սեմինարի աւարտին, անոնց բաժնուեցան նուէրներ եւ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն:

Սեմինարներու շարքը պիտի շարունակուի մինչեւ Յունիս 2017: