«Արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու անմիջական ձեւեր»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու անմիջական ձեւեր» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան ։

Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետուհի ընկհ. տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան։ Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, բացատրեց թէ ին՞չ է արիւնը, անոր բաղադրութիւնը եւ թէ ինչպէ՞ս արիւնահոսութեան երեւոյթը յաճախ ահ ու սարսափ կը յառաջացնէ բոլորին մօտ։ Ան թելադրեց չվախնալ, այլ անմիջապէս դիմել բժիշկի օգնութեան։

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան դասախօսութեան սկսաւ, ներկայացնելով զանազան բաժիններ։

ա- Արեան համակարգը
բ- Արիւնահոսութեան տեսակները
գ- Արտաքին արիւնահոսութիւն
դ- Ներքին արիւնահոսութիւն
ե- Առաջին բուժօգնութիւն եւ խնամք

Դասախօսը սահիկներու օժանդակութեամբ ներկայացուց արեան համակարգը-

1-              Սիրտը
2-              Արիւնը
3-              Արեան Երակները

Շարունակելով առաջին բաժինը իր մանրամասնութիւններով, դասախօսը մանրամասնօրէն բացատրեց սրտանօթային համակարգը, զանազան մասերով ու բաժիններով։ Արիւնը՝ որ կարեւոր բաղադրիչ է այս համակարգի, կը փոխադրէ թթուածինը դէպի օրկաններ ( մարմնի զանազան մասեր), ինչպէս նաեւ ածխածինը՝ դէպի սիրտ ու թոքեր։

Ին՞չ է արիւնահոսութիւնը- Արիւնահոսութիւնը մեծաքանակ արեան կորուստն է, արեան երակներէն, պատճառները զանազան են ՝ վնասուածքներ, վէրքեր, խոցեր եւայլն։

Արիւնահոսութիւնը կը դադրի արեան մակարդումով։ Արեան մակարդումը գործընթաց մըն է, որ զանազան ազդակներ կը նպաստեն արագ արիւնահոսութեան դադրեցման։

Արիւնահոսութիւնը կրնայ ըլլայ զանազան՝ առողջապահական բժշկական պատճառներու իբրեւ հետեւանք կամ վնասուածքի, հարուածի, արկածի, եւայլն։

Արիւնահոսութիւնը լուրջ վտանգ կրնայ յառաջացնել երբ ենթական-

- Չափահասը՝ 1 լիթր արիւն կը կորսնցնէ
- Փոքրիկը՝ կէս լիթր արիւն կը կորսնցնէ
- Նորածինը՝ 100-200 խորանարդ արիւն կը կորսնցնէ։

Արիւնահոսութիւնը կրնայ ըլլալ  1- Արտաքին   կամ  2-Ներքին

Արտաքին արիւնահոսութիւնը կ՛ըլլայ երակներէն, մազերակներէն, ինչպէս նաեւ ականջէն, քիթէն։

Տոքթ. Չպուքճեան գործնական զանազան միջոցներով ու սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրեց, թէ ինչպէս կարելի է արիւնահոսութիւնը դադրեցնել։ Նախ ստուգել արիւնահոսութեան վայրը վիրակապի միջոցով փորձել ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով ճնշել, որմէ ետք անպայման ենթական փոխադրել ամենամօտ բժշկական կեդրոն՝ կանխարգիլելու զանազան բարդոյթներ։

Դասախօսը արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու միջոցներու մասին խօսելով, լայնօրէն բացատրեց, թէ ինչպէս վիրակապը պէտք է օգտագործենք յատուկ ձեւով կապելով ու ճնշում բանեցնելով արիւնահոսութեան վայրը։

Ներքին արիւնահոսութիւնը կրնայ ըլլալ բերնէն, յետոյքէն, հեշտոցէն, կամ այլ մարմնի մասերէ։

Ներքին արիւնահոսութեան ախտանշանները կրնան ըլլալ.

1-              արիւն փսխելը
2-              կղկանքի մէջ արիւնը
3-              արեան ճնշման նուազումը։

Վերոնշեալ նշանները բաւարար են ենթական փոխադրելու բժշկական ծառայութեան հիւանդանոց։

Աւարտին գործնական միջոցներով տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան բացատրեց, թէ ինչպէս կրնանք ժամանակաւորապէս դադրեցնել արիւնահոսութիւնը եւ կատարել նախնական բուժօգնութիւն։