Վարդանանց Տօնակատարութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Ալտալճեան» գրադարանի յանձնախումբը Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, կազմակերպեց  Վարդանանց տօնակատարութիւն գրադարանի աշակերտներուն համար:

Ձեռնարկը սկսաւ Եղիշէ պատմիչի «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաւոր նախադասութեան վերլուծումով: Տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին աշակերտները փոխանակեցին Վարդանանց պատերազմի մասին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները, անդրադառնալով անոր պատճառներուն, արդիւնքին եւ հայ  ժողովուրդին վրայ ունեցած ազդեցութեան:

Ապա աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տեսերիզի ցուցադրութեան, ուր կը ներկայացուէին տեսարաններ Աւարայրի ճակատամարտէն եւ համեմատականը կ'ըլլար հայկական ու պարսկական բանակներու զինուորներուն գործածած զէնքերուն եւ ռազմավարութեան: Ապա աշակերտները արտասանեցին Վարդան Մամիկոնեանի յիշատակին նուիրուած ոտանաւորներ:

Աւարտին անոնց բաժնուեցան Վարդան Մամիկոնեանի դիմանկարով ու   Վարդանանց պատերազմի մասին տեղեկութիւններով հարուստ թերթիկներ: