Լուրեր

Տալու Հաճոյքը

ՓԱԹԻԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» կարգախօսի ընտրութիւնը պատահական չէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին համար: Իր հիմնադրութեան իսկ օրէն ԼՕԽ-ը նեցուկ կանգնած է ժողովուրդին` առողջապահական, կրթական, խնամատարական եւ գաղթականներու տեղաւորման ոլորտներու մէջ: ԼՕԽ-ը ձեռք կ՛երկարէ հիւանդին ու կարիքաւորին` առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Ան իր 26 մասնաճիւղերով եւ 14 յանձնախումբերով մեր գաղութի ողնայարին կենսական օղակներէն մէկը դարձաւ…

Աւելին
Փոքրիկներու Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

Սուրբ Զատկուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կացմակերպած փոքրիկներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2017-ին, Ռաուտայի ակումբի սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ փոքրիկները խանդավառութեամբ մասնակցեցան վարչութեան պատրաստած խաղերուն: Հիւրասիրութենէն ետք, անոնց բաժնուեցան գունաւոր հաւկիթներ, եւ տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ: Հասաւ ճերմակ նապաստակը: Ան խաղաց, պարեց, նկարուեցաւ փոքրիկներուն հետ եւ բաժնեց Զատկուան…

Աւելին
Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբը, Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2017-ին, Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ գրադարանի ուսուցչուհիներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն: Ձեռնարկի ընթացքին ընկհ. Մարիա Ինճէեան պատկերազարդ Ս. Գրային գիրքով մը ներկայացուց Աւագ շաբթուան, Ծաղկազարդի եւ Սուրբ Յարութեան տօներու խորհուրդները, ուր աշակերտները հետաքրքրութեամբ…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Կարիքաւորին, անտէրին եւ հիւանդին օգտակար դառնալը իւրաքանչիւր կամաւոր ԼՕԽ-ականի պարտաւորութիւններէն մէկն է: Երեքշաբթի, 18 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները` ընկերակցութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանին, այցելութիւն մը տուին Ազունիէի Հայ ազգային բուժարան: Այցելութեան նպատակն էր տեսակցիլ այդտեղ գտնուող տարեցներուն հետ, անոնց համար…

Աւելին
Այցելութիւն ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ Կեդրոն

Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Համազգայինի «Մելանկթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի 10-րդ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիին՝ Սիլվա Սողոմոնեանի ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեան, ներկայացուց ԼՕԽ-ի պատմականը ծննդոցէն մինչեւ այսօր եւ անդրադարձաւ 26 մատնաճիւղերուն եւ 14…

Աւելին
«Առողջ Ապրելակերպ»-ի Սեմինար (2)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի կազմակերպած «Առողջ Ապլերակերպ»-ի սեմինարներու շարքի երկրորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի « Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սեմինարի բացումը կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, որմէ ետք առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ որոշ…

Աւելին
Շտապ Բժշկական Մարզի Գիտելիքներ-Աշխատանքային Վարժանքներ

Emergency Medical Technician (EMT) Basic Course ԼՕԽ-ի “Արաքսի Պուլղուրճեան” Ընկերաբժշկական Կեդրոնի մատուցած ծառայութիւնները բարելաւելու ծրագրով, ինչպէս նաեւ բժշկական խնամք յատկացնող պաշտօնէութեան աշխատանքը եւ անոնց շտապ բժշկական օգնութեան գիտելիքները աւելցնելու նպատակով, կեդրոնի աշխատանքներու որակական կառավարման յանձնախումբը (Quality Management Committee) գործակցաբար կեդրոնի ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանի…

Աւելին
Տարեցներու Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

Սուրբ Զատկուան առիթով ԼՕԽի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեցներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 7 Ապրիլ 2017-ին: Ձեռնարկին ներկայ ծերերը ճաշակեցին վարչութեան ձեռամբ պատրաստուած ճաշերը, իսկ բացակայ ծերերուն ծրարները ընկերուհիները անձամբ տարին անոնց բնակարանները: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ: Բոլորը ուրախ բաժնուեցան իրարմէ:

Աւելին
Այցելութիւն ԱՊԸԲ Կեդրոն

Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, «Saint Coeur – Jdeideh» դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, ուր կեդրոնի տնօրէնը ամփոփ ձեւով իրենց ներկայացուց կեդրոնի տարած գործունէութիւնը եւ մատուցած սպասարկութիւնները։ Ապա անոնք կեդրոնի ընկերային ծառայողներուն հետ այցելութիւններ կատարեցին Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող 15 լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու։ Աշակերտները Ծաղկազարդի եւ…

Աւելին
Քարաօքէ Երեկոյ

Հաւատալով, թէ հայ երգն ու երաժշտութիւնը կ'ապրին միայն ու միայն հայու շրթներուն վրայ ու հայկական ոգիին մէջ, Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց «քարաօքէ» երեկոյ մը, Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Brothers Coffee» ճաշարանին մէջ: Չորս ժամերու ընթացքին, ներկաները հնչեցուցին իրենց պատանեկութեան ու երիտասարդութեան յուշերով լեցուն, գուսանական և ժողովրդային երգեր. գովերգեցին…

Աւելին
Ստամոքս-աղիք նախաքաղցկեղային վիճակ եւ կանխարգիլելու միջոցներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 29 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ստամոքս-աղիք նախաքաղցկեղային վիճակ եւ կանխարգիլում» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ստամոքսի եւ աղիքային հիւանդութեանց մասնագէտ տոքթ. Կարօ Յովսէփեան…

Աւելին
Աշակերտներու այցելութիւն ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ Կեդրոն

Նախանցեալ տարիներու նման, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ շարունակեց ընդունիլ հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները, անոնց ծանօթացնելու համար ԼՕԽ-ի լայնածաւալ Աստուածահաճոյ գործունէութիւնը: Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի 10-րդ կարգի աշակերտները, իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիին՝ Սօսի…

Աւելին
Ուխտագնացութիւն Դէպի Այնթուրայի Երբեմնի Որբանոց

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ Այնթուրայի երբեմնի որբանոցը: ԼՕԽ-ականներ եւ բարեկամուհիներ ուղղուեցան Այնթուրայի որբանոցը, մուտքին դիմաւորուեցան դպրոցի տեսուչ հայր սուրբին կողմէ, որ մանրամասն տեղեկութիւն ներկայացուց, այս որբանոցին մասին: Ապա ան հրաւիրեց իրենց դպրոցի պատմութեան ուսուցիչը, որ յոյն ըլլալով ըսաւ, որ իրենք ալ ճաշակած…

Աւելին
Հանդիպում Միքայէլ Հաճեանի Հետ

Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ Նորայր ՀաՃեանի հայրը՝ լրագրող-հրապարակախօս Միքայէլ ՀաՃեան, որ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով կը գտնուէր Լիբանան: Ան տեսակցութիւն ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ, ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան, ապա կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, յատուկ հանդիպումով…

Աւելին
Միջինքի Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» (Ճիպէյլ) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ճիպէյլի «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջինքի հաւաքոյթ» ձեռնարկը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Ճուպանեանի, ԼՕԽականներու, ԼՕԽ-ի բարեկամներու եւ հրաւիրեալներու: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ատենապետուհի՝ ընկհ…

Աւելին
Միջ-վարչական Բ. Ժողով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած Բ. միջ-վարչական ժողովը գումարուեցաւ Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2017-ին, «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի) «Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Շրջանային Վարչութեան կազմին: Ժողովի ընթացքին կատարուեցան աշխատանքային փոխանցումներ, ապա ժողովականները այցելեցին շրջանի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանը եւ Սուրբ Գալստեան եկեղեցին:

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 29 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ.-ի ԱՊԸԲ կեդրոն այցելեց արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Հայկազուն Ալվրցեան: Կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան կազմին, լօխականներու եւ մեծաթիւ տիկիններու տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը Հայկազուն Ալվրցեանի հետ, որ շինիչ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց արեւմտահայաստանի հայութեան իրավիճակին մասին: Ապա ան իր…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի Խաղավայր

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբը, Շաբաթ, 25 Մարտ 2017-ին, գարնան առաջին օրուան եւ Սուրբ Զատկուան զոյգ տօներուն առիթով, «Ժպիտ» բարեսիրական կազմակերպութեան աջակցութեամբ, կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Zagazoo» խաղավայրը: Առաւօտեան կանուխ պահերէն, աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ հասան գրադարան, ուրկէ քսանհինգ մանուկներ, իրենց գրադարանի ուսուցչուհիներով եւ յանձնախումբի անդամներով…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի (Պաուշրիէ) վարչութեան, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, մասնաճիւղի «Սօսի Մարտիկեան» ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան մօտ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գաէակէօզեանի, շրջանի ծխատէր քահանայ՝ Տէր Միքայէլ Տէմիրճեանի, անդամուհիներու, բարեկամուհիներու եւ ԼՕԽ-ի գործունէութիւնն ու աշխատանքը քաջալերող համակիրներու։ ԼՕԽ-ի քայլերգի…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Բերանի եւ Լինտերու Խնամք»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լինտերու եւ բերանի խնամք» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ատամնաբոյժ տոքթ. Լոռի Աբրահամեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Կանացի Հիւանդութիւններու Կանխարգիլում»

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը կազմակերպեց իր առողջապահական դասախօսական շարքին երկրորդը, որ տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ, 17 մարտ 2017-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս: Յանձնախումբին անունով, ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկհ. Սոնա Տուզմանեանը: Ան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ գիւղի զաւակները իրենց գիտելիքները սիրայօժար կը բաժնեկցին բոլորին հետ: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօս՝ հիւանդապահուհի Զարիկ Օհաննէսեանը: «կանացի…

Աւելին
Մտերմիկ Հաւաք

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով, Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2017-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք մը: Վաստակաւոր ընկերուհիներ մէկտեղուած էին, անցեալի գործունէութեամբ յիշելու եւ իրար հետ բաժնելու հին օրերու անոյշ յիշատակները: Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան: Ան յիշեցուց, որ այս վերանորոգուած սրահը բոլորին լումաներով, Մուսա Լեռցի մօտիկ եւ հեռաւոր…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75 Ամեակ

Լ.Օ.Խ.-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ժիւնիի «Ժ. Ապաճեան» սրահին մէջ, նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75 ամեակը, նախագահութեամբ Հասթաճեան քոյրերուն: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան եւ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ եւ ձեռնարկը խանդավառեց երգիչ՝ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Մասնաճիւղի…

Աւելին
Մանուկներու Միջազգային Օրուան Խանդավառ Ու Օգտաշատ Նշում

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Հինգշաբթի, 23 մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, լիբանանահայ տարբեր վարժարաններէ հրաւիրուած մեծաթիւ աշակերտներ ապրեցան խանդավառ, ուրախ ու իսկապէս մանուկին սրտին խօսող պահեր, որովհետեւ անոնք պարեցին, երգեցին եւ իրենց իրաւունքներուն մասին տեղեկութիւններ…

Աւելին