Ընկերային Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի (Պաուշրիէ) վարչութեան, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, մասնաճիւղի «Սօսի Մարտիկեան» ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ  ընկերային հանդիպում մը, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան մօտ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գաէակէօզեանի, շրջանի ծխատէր քահանայ՝ Տէր Միքայէլ Տէմիրճեանի, անդամուհիներու, բարեկամուհիներու եւ ԼՕԽ-ի գործունէութիւնն ու աշխատանքը քաջալերող համակիրներու։

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք քաջալերեցին ԼՕԽ-ի այս մտերմիկ հանդիպումը։

Տէր Միքայէլ քհն. Տէմիրճեան խօսք առնելով անդրադարձաւ եկեղեցական կարգ մը աւանդութիւններու եւ Քառասնօրեայ Պահեցողութեան, շեշտը դնելով ժուժկալութեան եւ ինքնաքննարկման վրայ: Ներկաները հետաքրքրութեամբ եւ գոհունակութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութեան:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, մթնոլորտէն խանդավառուած կատարուեցան նուիրատուութիւններ։