Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Համազգայինի «Մելանկթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի 10-րդ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիին՝ Սիլվա Սողոմոնեանի ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն:
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեան, ներկայացուց ԼՕԽ-ի պատմականը ծննդոցէն մինչեւ այսօր եւ անդրադարձաւ 26 մատնաճիւղերուն եւ 14 յանձնախումբերուն գործունէութիւններուն, ապա պաստառի վրայ բացատրեց ԼՕԽ-ի նշանակը:
Ընդառաջելով աշակերտներուն փափաքին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութիւն:
Կեդրոնի բաժանմունքներուն եւ սպասարկութիւններուն մասին լայն բացատրութիւններ տուաւ նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու՝ ընկհ. Վերժին Խորշիտեանը, որմէ ետք աշակերտները տեսերիզի մը ընդմէջէն ծանօթացան կեդրոնի տարիներու արձանագրած նուաճումներուն: Անոնք շրջեցան կեդրոնի բաժանմունքները ու մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան կեդրոնէն:






