Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 29 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ստամոքս-աղիք նախաքաղցկեղային վիճակ եւ կանխարգիլում» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ստամոքսի եւ աղիքային հիւանդութեանց մասնագէտ տոքթ. Կարօ Յովսէփեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ ներկայացնելէ ետք դասախօսը, նշեց, թէ մեր մարմինը կազմուած է զանազան համակարգերէ, որոնք միասին ներդաշնակօրէն աշխատելով կը դասաւորեն մեր ֆիզիքական աշխատանքը: Մարսողական համակարգը հիմնական բաժիններէն է, որ կազմուած է տարբեր օրկաններէ: Մարսողական համակարգը, այլ համակարգի նման, ունի իր օրկանները, որոնք կրնան տառապիլ զանազան հիւանդութիւններէ, բորբոքումներէ եւ ծանր պայմաններու տակ` քաղցկեղէ:
Տոքթ. Կարօ Յովսէփեան դասախօսութեան սկսաւ սահիկներով բացատրելով մարսողական համակարգը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով:
Ան դիտել տուաւ, որ սնունդը կարելի է բաժնել երեք հիմնական բաժիններու` ածխաջրատները, սպիտակուցները, ճարպային տեսակը:
Մարսողական համակարգի պարտականութիւնն է վերոնշեալ սնունդի տեսակները վերածել բարդ վիճակէն աւելի պարզ վիճակի, ուր մարմինը կրնայ լաւագոյն ձեւով ստանալ բաւարար սնունդ:
Շարունակելով` դասախօսը մանրամասնօրէն օրինակներով բացատրեց մարսողական գործունէութիւնը:
Տոքթ. Կարօ Յովսէփեան` խօսելով ստամոքս աղիքային հիւանդութիւններու մասին, նշեց, թէ կուրծքի քաղցկեղէ ետք, մարսողական համակարգի քաղցկեղը կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:
Երբ անձ մը իր կղկանքի մէջ կը նկատէ արիւն, պէտք է անպայման դիմէ բժիշկի: Կղկանքի մէջ գտնուող արեան գոյնը շատ բան կրնայ բացատրել այն մասին, որ մարսողական համակարգի ո՛ր բաժինը կը տառապի հիւանդութենէ: Կղկանքին մէջ երկար ատեն արիւն յայտնուիլը կրնայ յառաջացնել արեան տկարութիւն:
Երկրորդ ախտանշանը աղիքային քաղցկեղի յառաջացման պատճառած պնդութիւնն է:
Իսկ երրորդ ախտանշանը, ուր անհատը յաճախ կը գանգատի, թէ ուռած կը զգայ, փքուածութիւն ունի, երբ քաղցկեղը մարսողական համակարգի ուղիները կը փակէ: Այլ ախտանշաններ են որովայնի ցաւերը, նիհարնալը, երբ ենթական բաւարար սնունդ չի ստանար, փորհարութիւնը:
Աղիքային քաղցկեղի կողքին երկրորդ մարսողական օրկանը, որ կրնայ տառապիլ քաղցկեղէ, ստամոքսն է: Ասոր նախանշաններն են` փսխունքը- յատկապէս արիւնոտ: Յաճախ ստամոքսի խոցի պատճառած արիւնահոսութիւնը փսխունքով դուրս չի գար, այլ կղկանքի ճամբով, եւ կղկանքին գոյնը կ՛ըլլայ սեւ:
Դասախօսը մանրամասնօրէն խօսեցաւ ստամոքսի խոցերու մասին եւ նշեց, թէ ներկայիս բժշկական միջամտութեամբ ու դեղերով կարելի է խոցերը բուժել:
Երրորդ մարսողական օրկանը, որ կրնայ տառապիլ քաղցկեղէ, կերակրափողն է, եւ անոր առաջին ախտանշանը կրնայ ըլլալ կուլ տալու դժուարութիւնը:
Տոքթ. Յովսէփեան նաեւ խօսեցաւ լեարդի քաղցկեղին մասին` ներկայացնելով անոր զարգացման ընթացքն ու բարդոյթները: Եզրակացնելով` բժիշկը խօսեցաւ սննդականոնին մասին, որ գլխաւոր կանխարգիլման միջոցը կրնայ ըլլալ` հաւաստելով, որ սնունդի սերտուած համակարգումը լաւագոյն լուծումն է:
Աւարտին, զանազան բացատրութիւններով ու օրինակներով դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:







