Լուրեր

Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» (Նոր Սիս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, մասնաճիւղի տարիներու բարերար՝ ընկհ. Ոսկի Կէրէքմէզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ ընկերուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Երեքշաբթի, 9 մայիս 2017-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն ու տիկինը` Սամուէլ եւ Էլիզապեթ Մկրտչեաններ` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին: Անոնց ընդունելութեան ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան եւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ: Դեսպան…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Շնչառական Դժուարութիւններ» նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շնչառական Դժուարութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան։ Բացման խօսքը կատարեց առողջապահական յանձնախումբի…

Աւելին
Մայրերու Օր

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 4 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մար Եուսէֆի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Մայրերու Օր»ուան նուիրուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, օրուան դասախօսուհի՝ Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Սրահի մուտքին…

Աւելին
Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա) կազմակերպած էր մայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը, 4 Մայիս 2017-ին «Ֆաուար Անթիլիաս» ճաշարանին մէջ: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, բոլոր մայրերուն, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին եւ բոլոր…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Տարեկան Հանգանակութեան Գործընթացի Փակում

Շաբաթ, 6 մայիս 2017-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան գործընթացի փակումը: Վարչութիւններու ընկերուհիներ բոլորը մէկտեղուած` Շրջանային վարչութեան յանձնեցին շրջաններէն իրենց հանգանակած գումարներուն հաշուակցումը: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղի վարչութիւն, Շրջանային վարչութեան…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Չափահասներու Պատուաստներ» նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Չափահասներու Պատուաստներ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան։ Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Հայ կնոջ ներկայի մարտահրաւէրները» նիւթով

Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ «Հայ կնոջ ներկայի մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Քնար Գամպէրեան, ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը: Ան նախ տուաւ հայ կնոջ պատմականը, որ դարեր շարունակ պայքարած է ընտանիքը պահպանելու և հայ ազգի…

Աւելին
Ուխտագնացութիւն Դէպի Ղազիրի «Տէր Անթոնիոս Խաշպաու» եւ Զմմառու Վանքերը

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի Ղազիրի «Տէր Անթոնիոս Խաշպաու» եւ Զմմառու վանքերը: Յիշենք, որ այս ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած էր առ ի քաջալերանք այն բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք դաստիարակչական յանձնախումբի ձեռնարկներուն մնայուն ներկայութիւն արձանագրած էին: «Տէր Անթոնիոս Խաշպաու»…

Աւելին
Հոգեհանգիստ` Ի Յիշատակ ԼՕԽ-ի Հանգուցեալներուն

Շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ԼՕԽ-ի հանգուցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամուհիներու հոգւոյն տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ առաջ` առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի, ապա Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ: Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ ՀՅԴ պանթէոնին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ԼՕԽ-ի հիմնադիր Վահան Փափազեանի…

Աւելին
Տարեցներու Ձեռնարկ

Այնճարի տարեցները Ս. Զատկուան ճաշկերոյթը վայելեցին ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան հրաւէրով, Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2017-ի կէսօրին: Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեանի օրհնութեան աղօթքով և Այնճարի հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կողմէ ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ: Ապա ընկերային յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Ծաղիկ Հերկելեան, շնորհաւորեց ներկաներուն Զատիկը և բարի գալուստի, բարի վայելումի և առողջութեան…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Աշակերտական Նախաձեռնութիւնը Կը Պսակուի Յաջողութեամբ

ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առիթով եւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գործակցութեամբ, երէկ, կէսօրին, Պուրճ Համուտի, Զալքայի, Անթիլիասի եւ Տըպպայէի մէջ հաստատուեցան յատուկ անցարգելներ, ուր աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին հանգանակութեան աշխատանքին: ԼՕԽ-ի դրօշներով եւ միութեան նշանակը կրող շապիկներով ու գլխարկներով հանգանակութիւն կատարող աշակերտներուն մօտ ակներեւ էր անոնց խանդավառութիւնը հանգանակութեան դրամահաւաքով…

Աւելին
Ինքզինք Պարտադրող Պատգամը (ԼՕԽ-ի Տարեկան Հանգանակութեան Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Տնօրէն Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի Ուրախութիւն է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Ուրախութիւնը կը ծնի այն բարիքէն եւ գուրգուրանքէն, որ մեր ժողովուրդին կու գայ ԼՕԽ-ի ճամբով: Միաժամանակ պատիւ է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Կազմակերպութեան մը մասին, որ 87 տարուան ծառայութիւն ունի լիբանանահայութեան: 87 տարին քիչ ժամանակ չէ: 87 տարի կ’ըսենք եւ տարիներէն իւրաքանչիւրին մէջ կը տեսնենք հարիւրաւոր ԼՕԽ-ականներու նուիրումը, ջանքը…

Աւելին
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Բոլոր Կամաւորներուն

ՎԱՉԷ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ Տնօրէն` Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի Մանուկ հասակէս մեր տան գլխաւոր նիւթերէն մէկն էր «Օգնութեան խաչ»-ը: Ինծի համար, կիներ, որոնք անցեալին խաչուհի, իսկ այժմ ԼՕԽ-ական կը կոչուին, բացառիկ կարողութիւններու տէր, տեսակ մը գերմարդ կը ներկայանային, յարատեւ աշխատողներ` թէ՛ իրենց ընտանեկան պարտականութիւններու տէր, եւ թէ՛ միութենական պաշտօններու արժանի: Աւելի ուշ, երբ ազգային կեանքին իրազեկ դարձայ, հասկցայ, որ…

Աւելին
Լիբանանի Հայ Օգնութեան Խաչի Հանգանակութեան Օր

ՔՈՅՐ ԹԷՕՊԻՍՏԷ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Անարատ Յղութեան հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանի տնօրէնուհի Օգտուելով ԼՕԽ-ի հանգանակութեան բարեպատեհ առիթէն, կ՛ուզեմ իմ գնահատանքի խօսքս ուղղել բոլոր անոնց, որոնք ներկայիս եւ անցեալին Լիբանանի հայահոծ գաղութիս մէջ, իրենց նուիրումի, զոհողութեան եւ բարեգործութեան բաժինը բերած են աւելի քան 80 տարիներ: Հասած են մեր կարօտեալ ընտանիքներու զանազան կարիքներուն` նիւթական, առողջապահական, բարոյական ու ընկերային…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Տարեկան Հանգանակութեան Առթիւ

ԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէնուհի Այսօր, ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առթիւ մենք բոլորս պարտաւորութիւնը ունինք միասնականութեան բիւրեղ ոգիով մասնակցելու ու մեր նիւթական աջակցութիւնը բերելու անոր գործունէութեան զանազան մարզերուն, որոնք կը միտին շարունակել օգտակար դառնալ կարօտեալին: Այո՛, հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու բարգաւաճման աշխատանքներուն սատարող այս նախաձեռնութեան օժանդակելու աշխատանքն…

Աւելին
Որքան Տանք Ուրիշին, Պիտի Ստանանք Աւելին

ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ Կա՞յ աւելի մեծ ուրախութիւն առթող եւ աւելի շատ գոհունակութեան զգացում ընձեռնող երեւոյթ, քան կարիքաւորին եւ կարօտեալին օժանդակելու եւ ձեռք երկարելու բարեսիրական արարքը` իբրեւ քու նմանին հասնելու, երբ ունիս այդ կարողութիւնը: Բոլորս նոյն ստեղծագործութիւնն ենք, կոչուած ենք ապրելու միեւնոյն կեանքը, անշուշտ պայմանները, միջոցներն ու կարելիութիւնները կը տարբերին մէկը միւսէն, բնական է, եւ պէտք է տարբերին, որպէսզի…

Աւելին
Պարտականութեան Ոգիի Բանբերը

ԿՐԷԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը նախորդ դարու 20-ականներէն սկսեալ զարգացման տարբեր հանգրուաններ անցնելէն ետք այժմ մեզի կը ներկայանայ իբրեւ Լիբանանի հայ համայնքի կնոջական մեծագոյն կազմակերպութիւնը, աշխարհագրական բաւական լայն տարածք ընդգրկող իր 26 մասնաճիւղերով եւ աւելի քան 4000 անդամներով: ԼՕԽ-ը համայնքային կնոջական կազմակերպութիւններուն մէջ ամենաբազմազանն է նաեւ…

Աւելին
Սրտի Խօսք

ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Տնօրէնուհի` Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի Լիբանանահայ իրականութեան մէջ տասնեակ տարիներու իր գործունէութեամբ ԼՕԽ-ը յաջողած է գաղութի նուիրեալ կիներ ուղղել դէպի ազգային կեանք եւ լաւագոյն ձեւով դրսեւորել անոնց ներուժն ու կարողականութիւնը: Երբ կը խօսինք ԼՕԽ-ի մասին, ի մտի կ՛ունենանք կարիքաւորներուն ձեռք երկարելու անոր նուիրումը, առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան բնագաւառներուն մէջ անոր բերած նպաստը…

Աւելին
Սրտի Խօսք

ԴԱԼԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ինծի համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Բարի նպատակ հետապնդող, աղքատին ու անկարին հասնող, ուսանողին կրթանպաստ հայթայթող, աշակերտին դէմքին ժպիտ դրոշմող, հիւանդին դեղորայք ապահովող… եւ տակաւին շատ բարիքներ: Բառերով կարելի չէ բաւարարուիլ կամ արտայայտել այս հսկայ կազմակերպութեան բարի գործերը: Դպրոցական թէ համալսարանական տարիներուս, որպէս ԼՕԽ-ի կրթանպաստի սան, նիւթական օժանդակութիւն ստացած եմ…

Աւելին
Այսօր Այստեղ

ԱԶՆԻՒ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Այսօր այստեղ Մթութեան մէջ հոգիներու գունաթափ Ահաւասիկ ձեռք մը դալուկ, սիրոյ կարօտ Կարօտ բերկրանքի, սփոփուելու խնդրանքով… Այսօր այստեղ Տրտմութեան մունջ բազմավիշտ էակներ Ահաւասիկ սեւեռաբիբ կը սպասեն հեկեկուն հազար կանթեղ ճրագներով մշտադող կաթիլ մը ձէթ ճրագին համար իր կեանքին… Այսօր այստեղ Ոլորտներուն մէջ տառապանքներու ահաւոր Լոյս կը կաթի, սէր կը հոսի նայուածքիդ մէջ անյայտ ձայներու անյայտ ձեռքերու սիրազեղ սրտի…

Աւելին
Սէր Եւ Հաւատք Վայելող ԼՕԽ-ը

ՍԻՐՈՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ Ազգէն ծնած, ազգին համար ծնած եւ ազգով մեծցած Հայ օգնութեան միութեան միաւորներէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը անցնող 87 տարիներուն ծրագրած եւ իրագործած է բազմատեսակ ծրագիրներ, բոլորն ալ ի շահ լիբանանահայ գաղութի համեստ խաւին: Այդ ծրագիրներէն կարեւորագոյնը կը նկատուի բոլորիս ծանօթ ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութիւնը: Սրտի խօսող ծրագիր մը, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է եւ տակաւին կը գտնէ մեր ժողովուրդին կողմէ եւ…

Աւելին
Տա՛նք ԼՕԽ-ին

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԸԳՃԵԱՆ Տնօրէնուհի` Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկր. վարժարանին Լիբանանի տնտեսական երկարատեւ եւ հետզհետէ սրող տագնապի այս օրերուն, աւելի քան անհրաժեշտ է կարիքը տեսնող աչքեր, առատաձեռն սրտեր եւ բաց քսակներ ունենալու: ԼՕԽ-ը իր բազմատեսակ ծրագիրներուն ընդմէջէն կը դրսեւորէ նշեալ երեք յատկութիւնները: Անիկա կը տեսնէ մեր ընկերութեան կարիքը եւ կը հասնի առատաձեռն սրտով ու բաց քսակով: Իսկ մեր ընկերութեան մէկ մեծ շերտին…

Աւելին
Տալու Հաճոյքը

ԾԱՂԻԿ ՍԹԱՄՊՈՒԼԵԱՆ-ՀԱՊԷՇԵԱՆ Մարդ արարած իր փոքր հասակէն ուրախութիւն կը զգայ, երբ նուէրներ ստանայ տարբեր առիթներով` ըլլան անոնք տարեդարձի նուէրներ, Նոր տարուան նուէրներ, Զատկուան նուէրներ եւ կամ նուէրներ` անակնկալօրէն առանց յատուկ առիթի: Մանուկը իր ուրախութիւնը կ՛արտայայտէ պոռալով, ցատկռտելով, երբեմն պարելով ու երգելով, սակայն նոյն մանուկը ընդհանրապէս պատրաստ չ՛ըլլար իր ունեցած խաղալիքը բաժնեկցելու իր ընկերոջ հետ: Կ՛ուզէ իր…

Աւելին