Ուխտագնացութիւն Դէպի Ղազիրի «Տէր Անթոնիոս Խաշպաու» եւ Զմմառու Վանքերը

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի Ղազիրի «Տէր Անթոնիոս Խաշպաու» եւ Զմմառու վանքերը:

Յիշենք, որ այս ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած էր առ ի քաջալերանք այն բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք դաստիարակչական յանձնախումբի ձեռնարկներուն մնայուն ներկայութիւն արձանագրած էին:

«Տէր Անթոնիոս Խաշպաու» վանքի պատասխանատու հայրը՝ հայր Ժոզէֆ, նախ տեղեկութիւն փոխանցեց վանքի հիմնադրութեան  մասին, որ հիմնուած էր 1825 թուականին Սուրիայէն ժամանած չորս հայ կղերականներու կողմէ: Ապա ան ընկերուհիները առաջնորդեց եկեղեցի, որուն դրան վրայ կ'երեւէր հայերէն տառերով փորագրութիւն մը, իսկ խորանին ձախ կողմը զետեղուած էր «Հաւատոյ Հանգանակը» գրութիւնը կրող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի նկարը: Վանքի ենթաբաժիններուն իւրաքանչիւր սենեակի դրան վրայ փորագրուած էին հայկական տարբեր ձեւերով խաչեր եւ հայկական զարդանշաններ:  Հայկական դրոշմը յստակ էր վանքին մէջ, անիկա արժէքաւոր վարդապետներ եւ կաթողիկոսներ տուած էր, եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցած էր հայ ազգին:

Ջերմ ընդունելութենէ եւ հիւրասիրութենէ ետք, ընկերուհիները մեկնեցան Զմմառու վանք: Արծիւեան միաբանութենէն հայր Մովսէս Տօնանեան, մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին նուիրուած աղօթք մը կատարելէ ետք, բացատրութիւն տուաւ վանքի հիմնադրութեան մասին: Ապա ընկերուհիները շրջեցան վանքի թանգարանը:

Ընկերուհիները գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց տուները, յուսալով որ յառաջիկային կրկին կազմակերպուին դաստիարակչական նման ձեռնարկներ: