Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Չափահասներու Պատուաստներ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան։
Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց ատենապետուհի տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան։ Ան բացատրեց, թէ պատուաստները կը ներարկուին անհատին՝ պաշտպանելու համար զանազան վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ։ Շիճուկները կը պատրաստուին ուղղակի մանրէներէն, ժահրերէն կամ անոնց արտադրած թոյներէն, զանոնք քիմիական միջոցներով անվնաս դարձնելէ ետք։ Ան յիշեց նաեւ, թէ պատուաստին դերն է մարմնին մէջ պատրաստել յատուկ «զինուորներ» պաշտպանելու համար մարմինը վարակիչ հիւանդութիւններէ։ Ինչպէս նորածինը ունի իրեն յատուկ պատուաստները, նոյնպէս չափահասները ունին որոշ պատուաստներ։
Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով ուսունասիրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեկան կը մահանան 50,000 չափահասներ զանազան հիւանդութիւններէ, որոնք կարելի է կանխարգիլել պատուաստներով։
Պատուաստները միայն անչափահասներու և երեխաներու համար չեն։ Անկախ տարիքի անոնք կը պաշտպանեն մարմինը զանազան լուրջ եւ վարակիչ հիւանդութիւններէ։
*Պատուաստումը կը փրկէ կեանքը։
*Պատուաստումը կը պաշտպանէ ապագայ սերունդը։
*Պատուաստումը ապահով է եւ ազդու։
*Պատուաստումը կը փրկէ ընտանիքը, ժամանակը եւ զանազան նիւթական ծախսերը։
Որո՞նք են չափահասներու պատուաստները.-
1-Լեարդափորփ Բ - (Հէփաթիթ Պէ)
2-Կարմրախտ-Խոզուկ-Գերմանական Հարսանէթ (ԷՄ-ԷՄ-ԱՌ)
3-Պրկախտ – Կեղծմաշկ (Թէթանոս-ՏիՖթիրիա)
4-Ջրծաղիկ (Վարիսելլա)
50 տարեկանէն վեր պատուաստներ.- Կրիփի (ԷնՖլուանզայի) պատուաստը
65 տարեկանէն վեր պատուաստներ.- Թոքատապի (Բնոմօքօքալի) պատուաստը։
Շարունակելով, տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան յաջորդաբար ներկայացուց շարք մը պատուաստներ և բացատրեց, թէ ե՞րբ պէտք է օգտագործուին, ի՞նչ պայմաններու մէջ։ Բացատրեց նաեւ պատուաստի դերակատարութիւնը՝ աշխատանքը մարդու մարմինի մէջ։
Անհրաժեշտ է յիշեցնել, թէ պատուաստները ունին իրենց ժամանակացոյցը տարբեր տարիքներու համար։ Օրինակ՝ կրիփի պատուաստը 19-24 տարեկան անհատներու, տարին մէկ անգամ, անոնց համար որոնք բարձր հաւանականութիւն ունին վարակուելու։ Իսկ 65 տարեկանէն վեր անհատները տարեկան դրութեամբ պէտք է ստանան պատուաստը։
Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ նաեւ անհատի մը ապրելու, աշխատանքի միջավայրը ու անոնց պայմանները։
Նմանօրինակ ժամանակացոյց մը առկայ է բաժնուած տարիքի հիման վրայ - լեարդափորփի, հարսանիթի, գերմանական հարսանիթի, խոզուկի եւ այլ հիւանդութիւններու պարագային։
Եզրակացնելով՝ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է ունենալ չափահասներու պատուաստումի յատուկ ծրագիր ու գործադրութիւն։ Ընտանիքի բժիշկը կրնայ պատրաստել իւրաքանչիւր անհատի պատուաստումի ծրագիրը, ժամանակացոյցը ու գործադրութեան ձեւը։
Աւարտին, տոքթ. Չպուքճեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն տալով զանազան օրինակներ ու բացատրութիւններ։







