Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա) կազմակերպած էր  մայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը, 4 Մայիս 2017-ին «Ֆաուար Անթիլիաս» ճաշարանին մէջ:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, բոլոր մայրերուն, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին եւ բոլոր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն- բարեկամուհիներուն: Ան շարունակեց ըսելով, թէ մայր ըլլալը վսեմ կոչում է, օժտելու ընտանիքը բարոյական սկզբունքներով եւ դաստիարակելու ազգային գիտակցութեան արժէքներով, հայ կինը իր առօրեայ պահանջքներէն անդին, հերոսական նուիրումով, ծաւալեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն ծառայելով «Հայ Օգնութեան Միութեան» ընդմէջէն հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Հայ կինը գիտցաւ օղակել պատմութիւնը կրօնքին – ընտանիքը եկեղեցին եւ մասունքի պէս փորձեց անաղարտ պահել «ընտանիք» բառին սրբութիւնը:

Ապա բեմ հրաւիրեց ընկհ. Ազնիւ Թորոսեանը, որպէսզի ասմունքէ: Ազնիւ Թորոսեան ասմունքեց Հենրիկ Թումանեանի «Մայրը» եւ Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութիւնները, իսկ երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան իր անսպառ ձայնով ճոխացուց մթնոլորտը, երգելով ժողովրդային եւ աշուղական երգեր:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները ստացան ծաղիկներ տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ: