Դասախօսութիւն՝ «Շնչառական Դժուարութիւններ» նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, Չորեքշաբթի,  3 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շնչառական Դժուարութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան։

Բացման խօսքը կատարեց առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան։ Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, թէ մարդու մարմինը կազմուած է զանազան համակարգերէ ինչպէս՝ ջղային, սրտանօթային, շնչառական եւայլն, որոնք ներդաշնակօրէն աշխատելով կը համակարգեն անհատի մարմնին զանազան աշխատանքները։ Շարունակելով, ան համառօտ կերպով ներկայացուց շնչառական համակարգի զանազան բաժինները, որոնք կրնան տառապիլ տարբեր հիւանդութիւններէ։

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան դասախօսութիւնը սկսաւ բացատրելով, թէ զանազան ազդակներ գոյութիւն ունին, որոնք կրնան պատճառ դառնալ շնչառական տարբեր հիւանդութիւններու, վերին շնչառական կամ ստորին շնչառական փողին։

Վերին շնչառական փողի հիւանդութիւնները-

-Խոռոչատապ (Sinusitis)- Ուր զանազան փոքր շնչուղիներ քիթի, ականջի եւ կոկորդի միջեւ կրնան բորբոքիլ եւ փակելով անցքերը կը պատճառեն ցաւ, շունչի դժուարութիւն եւայլն։

-Կոկորդի բորբոքում- Զանազան ժահրեր կրնան պատճառ դառնալ, հետեւաբար հակակենսիկներու անհրաժեշտութիւն չկայ։

-Հարբուխ- Հարբուխի ախտանշանները կրնան ըլլալ՝ բարձր ջերմութիւնը, մկանային ցաւերը, չոր հազը եւ գլխացաւը։ Ախտանշանները վերանալու եւ ապաքինելու համար անհրաժեշտ է 2-3 շաբաթ ժամանակամիջոց։

 Ստորին շնչափողի եւ թոքերու հիւանդութիւններ-

-Ցնցղատապ-Ցնցուղներու բորբոքում (Bronchitis)- Անհատը կը տառապի հազէ: Ցնցղատապը կրնայ ըլլալ սուր կամ յարատեւ (քրոնիք)։

-Շնչարգելութիւն (Asthma)- Ուր շնչուղիները կը փակուին, լորձ արտադրելով ։Այս վիճակը կը դժուարացնէ շնչառութիւնը։ Շնչարգելութիւնը կարելի չէ բուժել, բայց ախտանշանները կարելի է կառավարել ու նուազեցնել։

- Փխուռոյց (Emphysema).- Երկարատեւ, աստիճանաբար զարգացնող թոքերու հիւանդութիւն, որ կը յատկանշուի շունչի նեղութեամբ ու աստիճանաբար զարգացող  բարդոյթներով։

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն։