«Առողջ Ապրելակերպ»-ի Սեմինար (2)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի կազմակերպած «Առողջ Ապլերակերպ»-ի սեմինարներու շարքի երկրորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի « Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Սեմինարի բացումը կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, որմէ ետք առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ որոշ բացատրութիւններ փոխանցեց տուեալ սեմինարներու շարքի հիմնական նպատակին մասին: Ան ըսաւ.-«ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը կը միտի երիտասարդ մայրերուն փոխանցել առողջապահական, կենցաղային, ընկերա-հոգեբանական գիտելիքներ եւ զինել զանոնք նորանոր գիտելիքներով, իրենց վստահուած դաստիարակչական դժուար գործը լաւապէս կատարելու համար»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի ընկերուհիներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին սեմինարներու յաջողութեան համար, հիւր դասախօսներուն՝ իրենց թանկագին ժամերը տրամադրելուն համար, ինչպէն նաեւ մասնակիցներուն՝ իրենց ներկայութեան եւ ԼՕԽ-ի հանդէպ ունեցած վստահութեան համար:

Խօսելու դժուարութիւն ունեցող մանուկներու եւ դպրոցէն ներս անոնց դիմագրաւած  դժուարութիւններուն մասին խօսեցաւ տիկին Շաղիկ Կոկոնեան- Չամիչեան: Տոքթ. Գոհար Քէշիշեան բացատրութիւններ տուաւ բանջարեղէններու եւ անոնց ունեցած օգտակարութեան մասին, իսկ տիկին Ցոլիկ Բատոյեան տեղեկութիւններ փոխանցեց առողջ կեցուածքի մասին եւ մկանները թուլցնելու եւ ցաւէ խուսափելու համար գործնական վարժութիւններ ցուցադրեց:

Սեմինարի սկիզբը, յանձնախումբի ընկերուհիները չափեցին իւրաքանչիւր մասնակիցի հասակը, կշիռքը, արեան ճնշումն ու արեան մէջ շաքարի պարունակութիւնը: Ապա ընկհ. Գարոլ Դերձակեան, իւրաքանչիւր մասնակիցին փոխանցեց արդիւնքները եւ խօսեցաւ արեան մէջ բարձր շաքարի պարունակութեան եւ բարձր արեան ճնշումի վտանգներուն մասին:

Սենինարի աւարտին՝ մասնակիցները յատուկ հարցաթերթիկով մը արժեւորեցին օրուան աշխատանքները: Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին  եւ օգտակար նկատեցին այս սեմինարը:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Սեմինարները պիտի շարունակուին մինչեւ Յունիս 2017, ամսական դրութեամբ: