Նախանցեալ տարիներու նման, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ շարունակեց ընդունիլ հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները, անոնց ծանօթացնելու համար ԼՕԽ-ի լայնածաւալ Աստուածահաճոյ գործունէութիւնը:
Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի 10-րդ կարգի աշակերտները, իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիին՝ Սօսի Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ, ներկայացան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոն եւ մեծ լրջութեամբ հետեւեցան ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանի բացատրութիւններուն: Ընկերուհին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու մասին խօսելէ ետք, շեշտը դրաւ «կամաւոր» եւ «ծառայասիրութիւն» բառերու իմաստներուն ու ըսաւ.-«ծառայութիւնը կը սկսի փոքր տարիքէն, դպրոցէն ու մեր շրջապատէն ներս, անսակարկ ծառայողը անպայմանօրէն վարձահատոյց կ'ըլլայ Աստուծոյ կողմէ»:
Ապա խօսք առաւ կեդրոնի տնօրէնուհի՝ օրդ. Մէյրի Չոլոյեան, որ խօսեցաւ կեդրոնի 9 բաժանմունքներէն ներս տրուած բազմաթիւ սպասարկութիւններուն եւ ծառայութիւններուն մասին, ի նպաստ շրջակայքի բոլոր բնակիչներուն անխտիր:
Ցուցադրուեցաւ ԼՕԽ-ի տարիներու աշխատանքը ցոլացնող տեսերիզը, որմէ ետք աշակերտները շրջեցան կեդրոնի բոլոր յարկերը: Անոնք մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին եւ լաւ տպաւորութիւններով մեկնեցան կեդրոնէն:
Այցելութեան աւարտին, անոնք ստացան ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի պատրաստած «Հայ եկեղեցւոյ տօներ եւ անոնց հետ կապուած աւանդութիւններ» գրքոյկը:





