Հայկական Ազգային Պարը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ  դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական Ազգային Պարը» նիւթով դասախօսութիւն:

            ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբին անունով ընկհ. Մարալ Ղարիպեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան նիւթը ըսելով՝ «ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի տարիներու  գործունէութիւնը  վկան է ԼՕԽ-ի նպատակներուն նկատմամբ գուրգուրոտ ու բծախնդիր մօտեցումին: ԼՕԽ-ը իր գուրգուրանքի առարկան դարձուց Հայ կնոջ առօրեայ կենցաղը, իրաւունքներն ու մշակութային վերելքը»: Աւելցնելով՝ «Այսօր առիթը պիտի ունենանք ծանօթանալու «Հայկական Ազգային Պարարուեստին», որ պիտի ներկայացնէ Գայիանէ Մածունեան»:

            Օրուան դասախօսուհին վերոյիշեալ նիւթին անդրադառնալով ըսաւ, «Պարը կ'արտայայտէ ազգի բնորոշ գիծերը, մանաւանդ բարքն ու քաղաքակրթութեան աստիճանը, հակառակ որ մարդ  կը պարէ ազատ կամքով, մարմնի տեսակ-տեսակ շարժումները ակամայ կը մատնեն ներքինը: Հնագոյն ժամանակներէն պարը մաս կազմած է միջավայրի ծէսերուն: Պաշտամունքի արարողութիւնները կապուած եղած են պարի հետ: Պարային մոգական շարժումները օգտագործուած են, որպէս դրական ներգործութիւն՝ հասարակութեան առողջութեան եւ յաջողութեան:» Ապա խօսեցաւ Հայկական Պարերու բնոյթին մասին, տալով օրինակներ, Կյովնդ՝ հարսի եւ փեսայի շուրջ կը պարէին մոմերով. Վերվերի՝ տղամարդկանց շրջանակ, որ կը դառնար կանանց կյովնդի շրջանակին շուրջ: Կար նաեւ Աստուածածնի պարը, որ կը կատարուէր տարին մէկ անգամ միայն Աստուածածնայ տօնին, Գերեզմանապար՝ ամուսնութենէն առաջ փեսան կը պարէր հօրը գերեզմանաքարին վրայ, Գորանի՝ կը պարէին երաշտի ժամանակ եւ բնութենէն կը խնդրէին անձրեւ:

Ապա ան ներկայացուց կենցաղային պարերը ըսելով.- «Նախկին ծիսական պարերն էին, որոնք ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց բնոյթը եւ դարձաց ժամանցի պարեր: Ինչպէս Վասպուրականի պար, խնկի ծառ, մածուն եմ դրել, զորս կը պարէին միայն կանայք՝ նոր մակարդուած մածունի կճուճին շուրջ:

Դասախօսուհին ներկայացուց նաեւ բեմադրական եւ ռազմապար պարերը ըսելով.-«Հայկական պարերու մէջ կը ներմուծէին ազդեցութիւններ օտար պարերէ, որոնք կը կատարուէին բեմի համար, հեղինակային բեմադրութեան ժամանակ, Իսկ ռազմապարին մասին խօսած են մեր պատմիչները: Ռազմապարերը կը կատարուէին հարսանիքներու կամ թաղումներու ընթացքին»: Աւելցուց նաեւ Շարանի եւ Եարխուշտա պարերը: Խօսեցաւ հայկական պարերու խորհրդանիշներուն մասին:

            Ձեռնարկի աւարտին տեսերիզով ցուցադրուեցան հայկական տարազներ Ջաւախքի, Կարինի, Շիրակի, Զանգեզուրի եւայլն:

            Դաստիարակչական յանձնախումբը ներկաներուն բաժնեց նիւթին առնչուող  թերթիկներ:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: