Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի (Անթիլիաս) վարչութեան, Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ «Ամանորի Ընկերային Հանդիպում»ը «Աղբալեան» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, քոյր մասնաճիւղերու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ յարգելի հիւրերու:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց քաջալերանքին եւ նկատել տուաւ, թէ հայ ազգը կը նմանի Սերոբ փաշային, իսկ խաչուհին՝ Սօսէ մայրիկին, որ կ'ըսէր Սերոբին «զինուած, պատրասուած ձայնիդ կը սպասեմ»: Ան աւելցուց, թէ փոքր տարիքէն մարդ՝ արարածին համար «ստանալ»ը հաճոյք կը պատճառէր անոր, սակայն այդ հաճոյքին բնոյթը փոխուելով երբ «տալ»ու չվերածուի ապագային, ան կը մնայ փոքր, ոչ թէ տարիքով՝ այլ արժէքով: Աննայեան աւելցուց, «ամօթ եւ բիւր նախատինք» մեզի, երբ մեր «ճիտին պարտք»ը զգալով՝ աւելիով եւս չբոցավառենք ԼՕԽ-ի սուրբ առաքելութեան ջահը, որովհետեւ աւելի քան 115 տարիներ առաջ, երբ Էտկար Ակնունիներ հեռաւոր Ամերիկայի օտարութեան մէջ կը հիմնեն բարեսիրական միութիւն մը՝ ՀՕՄ-ը, ապա շատ աւելի դիւրին էր իր ծննդավայրին մէջ հիմնուածը պահելը: Ընկերուհին, մեկնելով Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի անդամարշաւի աշխատանքէն, կոչ ուղղեց բոլոր երիտասարդներուն, որ միանան ԼՕԽ-ի կամաւորներու շարքերուն, չմոռնալով երէց ընկերուհիներու կարեւորութիւնը եւ աւելցուց, թէ ինչպէս մենք մակարդի պէտք ունինք մածուն պատրաստելու համար, այդպէս ալ պէտք ունինք երէց անդամուհիներու փորձառութեան, որ երիտասարդին ուժին միանալով գործունէութիւնը լիակատար կը դարձնէ:




