Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արագած» մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած շրջանի «Ծերերու Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2016-ին ,յետմիջօրէին ժամը 3։00-ին, Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ։ Մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւններ միշտ նախանձախնդիր եղած են պատուելու իրենց տարեցները.այդ նպատակով ալ ամէն տարի 23 Դեկտեմբերին կը նշուի «Ծերերու Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկը։
Անգամ մը եւս տօնական մթնոլորտը արտացոլացնող սրահին մէջ ներկայ էին Արագածի եւ Սիսի շրջաններու մէջ բնակող 130 հայ մամիկներ ու պապիկներ։
Խրախճանքի մթնոլորտի մէջ՝ հրաւիրուած բոլոր տարեցները, զուարճալի պահեր անցուցին, ճաշակելով այդ առիթով մատուցուած ուտեստեղէնները, անուշեղէնները, որոնք տրամադրուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիներու թէ նուիրատուներու կողմէ։Հայկական պարեղանակներու կռշոյթով բոլորը երգեցին ու պարեցին, ապա Կաղանդ Պապուկը ժամանեց ու նուէրներ բաշխեց բոլորին անխտիր։
Ձեռնարկը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ բազմաթիւ նուիրատուներու։
Վարձքը կատար բոլորին։












