Աւանդական Ճաշի Պազար

Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի «Կոմիտաս» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի կազմակերպած «Աւանդական Ճաշի Պազար»ը:

Պազարին վաճառուեցան հայկական համադամ ճաշեր եւ անուշեղէններ:

Ձեռնարկը յաջողութիւն արձանագրեց նիւթապէս եւ բարոյապէս: Վարչութիւնը սոյն յաջողութիւնը կը պարտի մասնաճիւղի կամաւոր ընկերուհիներուն, որոնց ձեռամբ պատրաստուած էին յիշեալ ուտեստեղէնները, քաջ գիտնալով, որ իրենց այս աշխատանքը պիտի սատարէ մասնաճիւղի գործունէութեան յաջողութեան: