Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Գայեանէ» մասնաճիւղին (Պէյթ Գօգօ), Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Նահր Էլ Գալպ»ի «Holiday Beach»ի «Le Canoe» ճաշարանին մէջ նշուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40 ամեակը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի եւ ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, հիմնադիրներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Մանուէլեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ.-«40 տարիներ առաջ, նուիրեալ ընկերուհիներու անխոնջ աշխատանքով ու ճիգով հիմնուած «Գայեանէ» մասնաճիւղը գոյատեւեց, կանգուն մնաց եւ իր սրբազան առաքելութիւնը շարունակեց շնորհիւ իրերայաջորդ վարչութիւններուն եւ անվերապահ ու կամաւոր ընկերուհիներու»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներուն եւ բարի երթ մաղթեց «Գայեանէ» մասնաճիւղին:
Ապա Խօսք առաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան, որ յայտնեց հետեւեալը .-«Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Գայեանէ» մասնաճիւղը իր 40 տարուան երթը կը շարունակէ շնորհիւ մասնաճիւղի կամաւոր եւ աշխուժ ընկերուհիներուն: Տնտեսական եւ մարդուժի մարտահրաւէրները դիմակալեց համբերութեամբ եւ հաւատքը գործի վերածելով՝ բոլորեց 40 տարիները: Հաւատաց մասնաճիւղի հիմնադիրներուն սուրբ առաքելութեան եւ յառաջացաւ ինքնավստահութեամբ:
Հոգիով ազնուական է այն անձը, որ իր ուրախութիւնը տալու մէջ կը գտնէ: «Ժողովուրդէն ժողովուրդին համար» նշանաբանը բոլոր ԼՕԽականներուն սկզբունքն է, միասնաբա՛ր շարունակենք մեր ազգային պարտականութիւնը ջերմացնելով կարիքաւորներուն հոգիները:
Մնացէ՛ք պատնէշի վրայ, զօրացուցէ՛ք ձեր շարքերը եւ բարեսիրական նուիրումը անմա՛ր մնայ ձեր հոգիներուն մէջ»: Ան իր խօսքը աւարտեց մաղթելով բարի երթ դէպի նոր ամեակներ:
Վարչութիւնը հրաւիրեց ձեռնարկին ներկայ մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներէն՝ Մատլէն Պէրպէրեանը, որ փախանցեց իր սրտին խօսքը, ապա միասնաբար հատեցին մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40 ամեակի կարկանդակը:
Ձեռնարկի յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ ջութակահար՝ Լիւսի Չամսարեանը, որ խանդավառեց մթնոլորտը, որմէ քաջալերուած ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ եւ գոհունակ բաժնուեցան, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ:





