Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40 ամեակի ձեռնարկը, «Նահր էլ Քալպի» «Նահր էլ Ասրար» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ, իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց մասնաճիւղի պատմականը, շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադիրներուն եւ վստահեցուց, թէ անոնց սկսած սրբազան առաքելութիւն կը շարունակուի, շնորհիւ կամաւոր, անվերապահ եւ ազգանուէր ընկերուհիներու: Ապա հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Արամեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտին խօսքը: Ան, շնորհաւորեց մասնաճիւղի 40 ամեակը, դրուատեց հիմնադիրներու կատարած աշխատանքը, գնահատեց իրերայաջորդ վարչութիւններուն գործունէութիւնները եւ բարի երթ ու յարատեւ վերելք մաղթեց մասնաճիւղին:
Ձեռնարկին ներկայ ընկերուհիները միասնաբար հատեցին 40 ամեակի կարկանդակը:
Երգիչ Վարդան Տէր Սարգիսեան խանդավառեց մթնոլորտը: Կատարուեցան նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան իրենց տուները:












