Ամանորեան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը շրջանի ընկերուհիները համախմբելու եւ միասնաբար ուրախանալու միտումով, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ին, ճաշարան «Diwan AL Hashem»ի մէջ կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը:

            ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Սիրելիներ կը շնորհաւորենք ձեր բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, 2017 տարին բոլորիս բերէ առողջութիւն, յաջողութիւն, խաղաղութիւն եւ արեւշատութիւն: Այսօր, այս յարկին տակ մենք միասին զուարճանանք, յիշելով մեզմէ տկարները, կարօտեալները, ԼՕԽ-ը ծնած է ժողովուրդէն իր ժողովուրդի կարիքներուն համար: Շնորհակալութիւն ձեզի, ձեր աջակցութեան համար»:

            Կաղանդ պապայի եւ Սուրբ Ծննդեան երգերու ունկնդրութենէ ետք, Սիմոն Կոստանդինեան իր ձեռնադաշնակով եւ երգերով խանդավառեց ներկաները: Ապա հասաւ Կաղանդ պապան, իր նուէրներու տոպրակը չէր մոռցած, նուէրներ բաժնեց բոլորին անխտիր: Ան իր պարերով եւ ջերմ ժպիտով խանդավառեց բոլորը:

Այս ուրախ մթնոլորտէն խանդավառ՝ եղան սրտաբուխ նուիրատութիւններ, քաջ գիտնալով, ամէն մէկ լուման, որ կը նուիրուի պիտի գործածուի բարեգործ նպատակներու:

            Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները ստացան Սուրբ Ծննդեան ծաղիկներու թաղարներ, տրամադրուած Պուրճ  Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ: