ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի 25-ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի   Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ տիկ. Մարալ Պուճիքեանի,    կազմակերպութեամբ «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան,  Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ին,  «Ալ Սուլթան Իպրահիմ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25-ամեակի ձեռնարկի նշումը։ Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայատանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին տիկինը՝ Իզապէլ Մկրտչեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ բարեկամներ։

Ճաշարանի մուտքին ներկաներուն հրամցուեցան յատուկ յուշանուէրներ։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Սապունճեան, որ ըսաւ. «Այսօրուան հաւաքին առիթը տարբեր է, որովհետեւ «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25-ամեակն է։ 1991-ին ազգանուէր նպատակներով  հիմնուած այս մասնաճիւղի իրերայաջորդ 12  վարչութիւնները, հաւատարիմ մնացին ժողովուրդին օգտակար դառնալու ԼՕԽ-ի սկզբունքներուն, անմիջական զօրակցութեամբ շարունակեցին  ծառայութեան առաքելութիւնը»։

Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան այդ առիթով փոխանցեց իր սրտին խօսքը։ Ան յայտնեց հետեւեալը. «ճիշդ է, թէ 25 տարիներ առաջ հիմնուած է «Արցախ» մասնաճիւղը, սակայն ան քառորդ դարուն ընթացքին միշտ եղած է միութեան կողքին եւ հասած է բոլորին կարիքներուն՝ քոյր մասնաճիւղերէն սկսեալ մինչեւ այն կարիքաւորը, որ դիմած է իրեն։ Խօսքին աւարտին  ան յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք մաղթեց «Արցախ» մասնաճիւղին»։

 Վարչութիւնը օրուան նախագահը՝ տիկ. Մարալ Պուճիքեանը,  պատուեց հայկական ձեռագործ  խաչքար մը նուիրելով անոր։

Ձեռնարկը ճոխ էր իր յայտագրով. մթնոլորտը ճոխացուց ջութակահար ՝ Լիւսի Չամսարեան։ Խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած կատարուեցան նուիրատութիւններ։

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն յատուկ նուէրներէն  բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները։

Հաճելի պահեր վայելելէ ետք, ներկաները իրարմէ բաժնուեցան այլ առիթով տեսնուելու յոյսով։

Վարձքը կատար բոլորին։