ԼՕԽ-ի 2017-ի Օրացոյցը` Լիբանանահայ Արուեստագիտուհիներու Դրոշմով

Արդէն հրապարակի վրայ է ԼՕԽ-ի 2017-ի օրացոյցը, որուն մէջ այս անգամ տեղ գտած են լիբանանահայ արուեստագիտուհիներուն ստեղծագործութիւններն ու գեղանկարները:

Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կատարուած այս աւանդական նախաձեռնութեամբ ԼՕԽ-ը կը միտի 2017-ի օրացոյցին մէջ մեր արուեստագիտուհիները յարգել ու մեծարել, անոնց գործերը հայ թէ օտար ընտանիքներու տուներէն ներս ներկայութիւն դարձնել:

Իւրաքանչիւր ամիս կը կրէ արուեստագիտուհիի մը դրոշմը, տեղադրուած գործերը ընտրուած են անոնց կողմէ: Հոն են Լիւսի Թիւթիւնճեանի, Ժագլին Օհանեանի, Ռոզվարդ Սիսեռեանի, Սիրուն Երէցեանի, Սիլվարդ Ֆազլեանի, Ժանէթ Եափուճեանի, Մանուելլա Կիրակոսեանի, Տարիա Խտըշեանի, Միրէյ Կոկիկեանի, Ռիթա Ետալեանի, Մարալ Տէր Պօղոսեանի եւ Լենա Այտընեանի գործերը:

Իւրաքանչիւր էջի վրայ տեղ գտած են ԼՕԽ-ի մասին կարծիքներ, մտորումներ:

Ձեւաւորումը կատարած է Արազ Քէլեան: