ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Վարդուհի Գաթարճեան, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, շրջանի ընկերուհիներուն եւ գնահատեց անոնց ներկայութիւնը:

Ձեռնարկին դասախօսեց տիկին Անժէլ Մելքոնեանը, որ խօսեցաւ «քաղցկեղ» հիւանդութեան մասին, ինչ որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ներկաներուն մօտ: Շինիչ դասախօսութեան յաջորդեց ճաշի հիւրասիրութիւնը:

Ձեռնարկին հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտը քաջալերեց ներկաները կատարելու նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն: