ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի (Ֆանար) վարչութիւնը Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ձեռնարկեց իր անդրանիկ հաւաքոյթին՝ «ֆուլկերոյթ»ի մը, որ կայացաւ «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Շատ ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Մասնաճիւղի ատենապետուհիին բացման խօսքէն ետք, կատարուեցան ԼՕԽ-ական գիտելիքներու վերաբերող հարց ու պատասխան եւ այլ խաղեր: Շահողները ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Երգը, պարն ու ճոխ յայտագիրը ոգեւորեցին ներկաները: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն:
Ներկաները իրարմէ բաժնուեցան, դարձեալ հանդիպելու մաղթանքով:










