ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր ամառնային շրջանը սկսաւ Երկուշաբթի, 4 Յուլիս 2016-ին եւ աւարտեց Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին:
Գրադարան յաճախեցին 6-12 տարեկան փոքրիկներ, որոնց համար ծրագրուած էր ամրան յատուկ յայտագիր, որ իրագործուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերը, ժամը 9:00- 1:00:
Ամրան յայտագրի թեման էր ծանօթանալ հեքիաթագիր եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի: Փոքրիկները մօտէն ծանօթացան հեղինակին կենսագրութեան, հեքիաթներուն, երգերուն, բանաստեղծութիւններուն, որոնց հետ միատեղ ընթացաւ առօրեայ գիրքի ընթերցանութիւնը, ամառնային դասերը, երգը, պարը, թատրոնը, գծագրութիւնը, ձեռային աշխատանքը, զարգացման մրցումները, դաստիարակչական խաղերը, «Ճիշդ հայերէն խօսինք»-ի պահերը, կենցաղավարութեան եւ մաքրութեան գիտելիքները եւ շաբաթը անգամ մը «դիւրին խոհանոց»ը, ուր փոքրիկները պատրաստեցին համեղ ուտելիքներ եւ ճաշակեցին միասնաբար:
Առօրեայ յայտագրին զուգահեռ ընթացան հանդէսի պատրաստութեան փորձերը նուիրուած՝ Յովհաննէս Թումանեանի: Ծրագրի փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներու, հիւրերու եւ ծնողներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց գրադարանի պատասխանատուն: Ան ներկայացուց անցնող ամիսներու գրադարանի գործունէութիւնը շեշտելով, որ գրադարանէն ներս հայ մանուկը կը սորվի յարաբերիլ հայերէն գիրքերու հետ եւ այդ յարաբերութիւնը սովորութիւն դառնալով մաս կը կազմէ մանուկին առօրեային: Ապա ներկաներուն ցուցադրուեցան ամբողջ ամրան ընթացքին փոքրիկներուն գործունէութիւններուն նկարները, որմէ ետք խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի կենսագրութիւնը եւ քառեակներէն:
Հանդէսին՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց յանձնախումբի մօտ ներկայացուցիչ ընկհ. Սեդա Մածունեան, որ ըսաւ «գրադարանի գլխաւոր առաքելութիւնն է հայ մանուկին մօտ արթնցնել սէր դէպի հայ գիրքն ու գրականութիւնը, քաջալերել ուսումը բացայայտելով կրթութեան ընձեռած առաւելութիւնները, միաժամանակ զարգացնել անոնց մէջ մարդասիրական զգացումներ, օգնել իր նմանին, սիրել ու յարգել իր շրջապատի մարդկանց, ըլլալ արժանի զաւակը իր ծնողքին ու ազգին»:
Հանդէսի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ Համազգայինի Վ.Սէթեան գրատարածին կողմէ նուէր տրամադրուած գիրքեր, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ բոլորը հրաժեշտ տուին սրահէն՝ բարի վերամուտի մաղթանքներով:
Ներկայի գրադարանի 2016-2017 տարեշրջանի գործունէութիւնը արդէն իսկ ընթացք առած է: Հոն ամէնօրեայ դրութեամբ կրնան յաճախել հայկական վարժարաններէ 6-էն 12 տարեկան աշակերտներ, որոնք հանդարտ եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ, կէսօրէ ետքերը ժամը 3:00-էն 6:00, յատուկ հոգատարութեամբ եւ ուսուցչուհիներու հսկողութեամբ կրնան պատրաստել իրենց յաջորդ օրուան դասերը:










